Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Խորհրդարանը Դատապարտած Է «Հայերու Պաշտպանութեան Հռչակագիրը»

November 22, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի խորհրդարանը յատուկ յայտարարութեամբ դատարապտած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին որդեգրած «Հայերու պաշտպանութեան հռչակագիր»-ը:

Ազրպէյճանցի երեսփոխաններուն գնահատումով, այդ փաստաթուղթը «լուրջ հարուած կը հասցնէ» Պաքուի եւ Ուաշինկթընի միջեւ յարաբերութիւններուն:

«Խորհրդարանը վճռականօրէն կը մերժէ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Ազրպէյճանի դէմ որդեգրած հռչակագիրը եւ զայն կը նկատէ լուրջ հարուած երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն: Ասիկա լուրջ խոչընդոտ է շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն համար», նշուած է Ազրպէյճանի օրէնսդիր մարմինին կողմէ որդեգրուած յայտարարութեան մէջ:

Ազրպէյճանցի օրէնսդիրներուն կարծիքով` Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին որդեգրած հռչակագիրը «երկակի արժեչափերու եւ ընտրովի մօտեցման վառ օրինակ է»: Անոնք յայտարարած են, որ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ միջնորդի դեր ստանձնած Ուաշինկթընի այդ գործողութիւնները «յանգեցուցած են հեղինակութեան կորուստի»:

Ազրպէյճանի խորհրդարանը այդ փաստաթուղթին մէջ քննադատած է ընդհանուր առմամբ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը եւ պնդած, որ «Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը վերջին տարիներուն լիակատար ձախողած է»:

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը 15 նոյեմբերին որդեգրած է բանաձեւ, որով կ՛առաջարկուի Միացեալ Նահանգներուն երկու տարիով արգիլել 1992 թուականի «Արտաքին գործառոյթներու, արտածման ֆինանսաւորման եւ յարակից ծրագիրներու յտակացումներու մասին» օրէնքի («Ազատութեան աջակցութեան հռչակագիր») 907 ենթաբաժինը շրջանցելու իրաւունքը` կապուած Ազրպէյճանին տրամադրուող օգնութեան հետ:

Նախորդը

Իսրայէլ Թիրախ Դարձուց Ճշմարտութիւնը Ներկայացնող «Մայատին»-ի Լրագրողները

Յաջորդը

Հաճիեւ. «Հայաստանը Պէտք Է Հասկնայ, Որ Խաղաղութեան Արմատները Այստեղ Են, Եւ Ոչ Թէ Ուաշինկթընի, Պրիւքսելի Եւ Փարիզի Մէջ»

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները

February 14, 2026
Պաքուի Մէջ Հայ Գերիներու Դատավճիռներու Վերաբերեալ Ընկերվար Միջազգայնականի Յայտարարութիւնը
Հայկական

Պաքուի Մէջ Հայ Գերիներու Դատավճիռներու Վերաբերեալ Ընկերվար Միջազգայնականի Յայտարարութիւնը

February 14, 2026
Վանս Պաքուի Մէջ Քննարկած Է Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Պաքուի Մէջ Քննարկած Է Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը

February 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.