Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Աշնանային Նստաշրջանը Աւարտած Է Աշխատանքը

Նոյեմբեր 21, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ 19 նոյեմբերի նիստին քննարկուած են տագնապներու գօտիներուն մէջ մարդոց, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերը:

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ Տանիելա տէ Ռիտեր կարեւոր նկատած է միջազգային մարդասիրական օրէնքի արժեչափերու պահպանումը, ինչ որ ամրագրուած է նաեւ Վանքուվըրի հռչակագիրին մէջ: Զեկուցողը անդրադարձած է փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան, տագնապներու մարդասիրական հետեւանքներուն, մագլցումի դէպքերուն: Այս ծիրին մէջ, ան խօսած է Արցախի հայերու տեղահանման մասին եւ նշած, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կարելի բոլոր քայլերը կը կատարեն, սակայն անհրաժեշտ է օգնութիւն ցուցաբերել խնդիրներու լուծման հարցին մէջ: Արժեւորելով շրջանին մէջ խաղաղութիւնը` փոխնախագահը կարծիք յայտնած է, որ միացեալ քայլերն ու քաղաքական կամքը կրնան դրական արդիւնք ապահովել:

Ճգնաժամերու յաղթահարման ուղիներ, տագնապի գօտիներու մէջ մարդասիրական խնդիրներ, տագնապներու պատճառներ. առցանց ձեւաչափով այս հարցերուն անդրադարձած է փոքրամասնութիւններու հարցերով ՄԱԿ-ի նախկին յատուկ զեկուցող (2017-2023) Ֆեռնան տը Վարենը:

«Միլիոնաւոր մարդիկ չեն կրնար գործադրել իրենց իրաւունքները աշխարհի վրայ, եւ ատոր պատճառը յաճախ անոնց փոքրամասնութիւն ըլլալն է», ըսած է Ֆեռնան տը Վարեն:

Զեկուցողի գնահատումով տագնապներու կանխարգիլումն ու փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը պէտք է ըլլան բոլորի գործողութիւններու հիմը: Անդրադարձ եղած է նաեւ տարբեր պատճառներով դրսեւորուող այլատեացութեան ու անհանդուրժողականութեան դէպքերուն, որոնք յաճախ ծանր հետեւանքներ կ՛ունենան:

Միջազգային-իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան կարեւոր նկատած է նման հարթակի վրայ հարցերու քննարկումը: Զեկուցողը ներկայացուցած է վերջին տարիներուն մեր երկիրը պատուհասած խնդիրները, մանրամասնած Ազրպէյճանի լայնածաւալ պատերազմի աղէտալի հետեւանքները:

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութիւնները իրենց արտասանած խօսքերուն մէջ անդրադարձած են միջազգային մարդասիրական օրէնքի արժեչափերու պահպանման կարեւորութեան, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, Կազայի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու, փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ատելութեան դրսեւորումներու վերացման ու այս ծիրին մէջ միացեալ պայքարի անհրաժեշտութեան:

Պելճիքայի ներկայացուցիչը կարեւոր նկատած է տագնապներու գօտիներ այցելելն ու այդտեղ կացութիւնը հասկնալը: Պատուիրակները անդրադարձած են ռուս-ուքրանական, պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապներուն, Արցախի մէջ տեղի ունեցած զինուորական գործողութիւններուն: Հնչած է տեսակէտ, որ առանց արդարութեան չի կրնար խաղաղութիւն ըլլալ, կարեւոր նկատուած է բոլոր խաղաղ քաղաքացիներու իրաւունքներու հաւասար պաշտպանութիւնը:

Պատուիրակներու կողմէ մերժուած է երկակի արժեչափերու քաղաքականութիւնը: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ կարեւոր նկատած է գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգումը:

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի պատուաւոր նախագահ, Շուէտի պատուիրակութեան անդամ Մարկարեթա Սետերֆելթ նշած է, որ ցեղասպանութիւնները մեր պատմութեան մէկ մասն են, սակայն կան մարդիկ, որոնք տակաւին կը ժխտեն զանոնք: Պատուիրակը խօսած է ցեղասպանութեան եւ հակասեմականութեան դրսեւորումներու, կրօնական բռնութիւններու մասին, որոնց տակաւին ականատես կը դառնայ մարդկութիւնը: Այս ծիրին մէջ ան անթոյլատրելի նկատած է ցեղասպանութեան ժխտումը` ընդգծելով, որ խորհրդարանականները պէտք է իրենց ներդրումը ունենան այս հարցին մէջ:

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի Պելճիքայի պատուիրակութեան ղեկավարի տեղակալ, Պելճիքա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Մարք Տեմեմեքեր խօսած է Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտման քաղաքականութեան մասին եւ նշած, որ կը պատրաստուի այցելել տեղահանուածներու կեդրոն` այդտեղ հանդիպելու եւ անոնց խնդիրները լսելու համար:

«Պէտք է աջակցինք Հայաստանին` յաղթահարելու այս կացութիւնը», ընդգծած է պատգամաւորը:

Նստաշրջանի աւարտին ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փիա Քաուման համոզում յայտնած է, որ վերջին երկու օրերու քննարկումները ցոյց տուին, որ կառոյցի աշխատանքը կ՛ընթանայ ճիշդ ուղղութեամբ: Ան կարեւոր նկատած է աշխարհի վրայ խաղաղութեան հաստատումը եւ նշած, որ վեհաժողովի առաքելութիւնը այդ ուղղութեամբ աշխատիլն է:

 

 

 

Նախորդը

Հրանդ Տինքը Սպաննած Էօկիւն Սամասթին Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Յաջորդը

Փոտոլիաք. «Հայաստանը Ճիշդ Ուղիի Վրայ Է»

RelatedPosts

Քոնկրեսին Մէջ Արցախի  Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում
Հայկական

Քոնկրեսին Մէջ Արցախի Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում

Մայիս 3, 2025
Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին`  Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով
Հայկական

Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին` Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով

Մայիս 3, 2025
Կիպրոսի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը  Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է  Երկրի Նախագահին
Հայկական

Կիպրոսի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Երկրի Նախագահին

Մայիս 3, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?