
19 յունուար 2007-ին պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքը սպաննած Էօկիւն Սամասթին նոր մեղադրանք առաջադրուած է:
Ըստ Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, Սամասթ կը մեղադրուի «զինուած ահաբեկչական կազմակերպութեան համար յանցագործութիւն կատարելու» յանցանքով եւ կրնայ 7,5-էն մինչեւ 12 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:
Սամասթ «բարի վարքի համար» 15 նոյեմբերին պայմանական վաղաժամկէտ ազատ արձակուած էր 16 տարի 10 ամիս բանտը մնալէ ետք: