ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան երէկ լրագրողներուն յայտնեց, որ եթէ Ֆրանսա դուրս մղուի Մինսքի խմբակէն, ապա ատիկա բացասաբար պիտի ազդէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին վրայ:
«Մենք բանակցութիւններուն մէջ մարտավարական լուրջ նահանջ կ՛արձանագրենք, եթէ Ֆրանսան դուրս մղեն ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակէն», յայտարարեց ան:
Միւս կողմէ, Ֆրանսա եւս շահագրգռուած է, որ դուրս չմղուի այդ հոլովոյթէն, եւ Հայաստան այս առումով լուրջ զինակիցներ ունի` յանձինս Ֆրանսայի տարբեր ատեաններու ներկայացուցիչներուն: «Այստեղ պաշտօնական դիւանագիտութեան դերը բաւական մեծ է: Ես համոզուած եմ, որ կարելի է միջպետական յարաբերութիւններու միջոցով այս խնդիրին թափ հաղորդել», նշեց ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը:


