Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 17 նոյեմբերի որոշումին` յայտարարելով, որ Ազրպէյճանը ի գիտութիւն ընդունած է նշեալ որոշումը:
«Թերթ» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Պաքուն կ՛ողջունէ դատարանի որոշումը, որ անգամ մը եւս կը հաստատէ «Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ կը մերժէ Հայաստանի պահանջը, որ կասկածի տակ կը դնէ Ազրպէյճանի վաղուց ճանչցուած գերիշխանութիւնը Ղարաբաղի նկատմամբ»:
«Դատարանին կողմէ նշուած քայլերը համահունչ են Ղարաբաղի հայ բնակիչներուն նկատմամբ Ազրպէյճանի կառավարութեան արդէն իսկ որդեգրած քաղաքականութեան: Անիկա կը ներառէ մեր յանձնառութիւնը` ապահովելու բոլոր բնակիչներուն անվտանգութիւնը` անկախ ազգային կամ ցեղային պատկանելիութենէն: Ազրպէյճանը երբեք չէ վտարած հայ բնակիչները, ատիկա անոնց որոշումը եղած է` տեղափոխուիլ Հայաստան կամ այլ երկիր` հակառակ Ղարաբաղը չլքելու մասին Ազրպէյճանի կոչերուն: Ազրպէյճանը իր սահմանադրութեան եւ միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան յանձնառու է պաշտպանելու Ղարաբաղի հայ բնակիչներուն իրաւունքները` միւս քաղաքացիներուն հետ հաւասար հիմունքներով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Պաքուն յայտարարած է, որ Ազրպէյճանը լուրջ կը վերաբերի Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային հռչակագիրով ստանձնած իր պարտաւորութիւններուն:
«Մենք կը շարունակենք հաւատարիմ մնալ միջազգային օրէնքի ծիրին մէջ այդ պարտաւորութիւններուն ու բոլոր մարդոց իրաւունքներուն պաշտպանութեան, եւ կեդրոնացած ենք խաղաղ ու բարգաւաճ շրջան կառուցելու վրայ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանը 17 նոյեմբերին հրապարակած էր որոշում` Ազրպէյճանի դէմ միջանկեալ քայլ կիրարկելու Հայաստանի Հանրապետութեան դիմումին վերաբերեալ, որով Ազրպէյճանին պարտաւորացուցած էր ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի հայերու վերադարձի իրաւունքը: