«Ալեն Սիմոնեանին եւ իր խումբին Արցախը ընդհանրապէս պէտք չէր, ոչ մէկ կառոյց իրենց պէտք էր Արցախէն: Անոնք կը պայքարէին ասոր համար եւ ստացան իրենց ուզածը: Հայաստանի անվտանգութեան սպառնալիքը իրենց յայտարարութիւններն են, ոչ թէ Արցախի պետական հաստատութիւններուն պահպանումը, ինչպէս Ալեն Սիմոնեանը կ՛ըսէր»: Այս մասին «Մետիահապ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեանը` խօսելով Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի այն յայտարարութեան մասին, թէ Արցախի պետական հաստատութիւնները Հայաստանի մէջ զարգացնելը ուղիղ սպառնալիք է եւ հարուած:
«Միանշանակ պէտք է Արցախի պետական կառոյցները պահպանել եւ շարունակել աշխատանքը», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս Մոսիեանը կը մեկնաբանէ այդ աշխատանքը այն պարագային, երբ Արցախը չկայ, վերջինս պատասխանեց. «Արցախը չկայ, բայց արցախցիները իրաւունքներ ունին, որովհետեւ ստիպուած լքած են իրենց հողը: Իսկ ո՞վ պէտք է այդ իրաւունքներուն տէր կանգնի, եթէ ոչ Արցախի ժողովուրդի ընտրած խորհրդարանը»:
Ինչ կը վերաբերի այն հարցումին, թէ արդեօք նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի հետ հանդիպումներ եղա՞ծ են, պատգամաւորը պատասխանեց, որ բոլորին հետ հանդիպումներ կ՛ունենան: Ան նաեւ յայտնեց, որ արցախցի պատգամաւորներուն մեծ մասը Հայաստան են եւ պէտք է շարունակեն իրենց գործունէութիւնը: