Երկու բարեկամ եւ եղբայր ժողովուրդներու հետ Վրաստանի հիմնական նպատակը շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովումն է: Այս մասին Վրաստանի պատկերասփիւռի «Առաջին ալիք»-էն յայտարարած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլին:
Ան նշած է, որ Վրաստանը այս հոլովոյթին մէջ բաւական յաջողութեամբ կը կատարէ անաչառ միջնորդի դերը:
Տարչիաշվիլիի համաձայն, Հայաստանն ու Ազրպէյճանը սկսած են բացէ ի բաց խօսիլ խաղաղութեան անհրաժեշտութեան, խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման մասին, եւ անոնց հռետորաբանութիւնը ամբողջութեամբ կեդրոնացած է խաղաղութեան վրայ:
Խօսելով շրջանային «3+3» հարթակին մասին` վրացական դիւանագիտութեան պետը ըսած է. «Վրաստանը «3+3» ձեւաչափին վերաբերեալ կտրուկ դիրքորոշում ունի, մեր երկիրը այս ձեւաչափին չէ մասնակցած, չի մասնակցիր եւ ապագային ալ պիտի չմասնակցի»:
Վրաստանի պետական պատկերասփիւռի կայանի «Ազատ հայեացք» հաղորդաշարի հաղորդավարը նշած է, որ Վրաստանի տարածքով Ֆրանսայէն Հայաստան սպառազինութիւն մատակարարելու մասին տեղեկութիւն տարածուած է ազրպէյճանական, ապա վրացական լրատուամիջոցներուն մէջ, եւ նախարարին հարցուցած, թէ արդեօք ատիկա պիտի ազդէ՞ Թիֆլիսի` Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ իրականացուող միջնորդական ջանքերուն վրայ:
Նախարարը նշած է, որ Թիֆլիսը երկու երկիրներուն ալ կարելիութիւն կու տայ հաւասար պայմաններով օգտուելու Վրաստանի տարանցիկ գործառոյթէն: «Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ ասիկա հաւասար մրցակցային դաշտի մէջ է: Որեւէ երկիր իրաւունք ունի ունենալ պաշտպանական ուժ, իսկ երբ խօսքը կը վերաբերի սովորական սպառազինութեան կամ միջազգային համաձայնագիրներով արտօնուած զինատեսակներու, որեւէ երկիր իրաւունք ունի ձեռք բերել զանոնք: Վրաստանի դիրքորոշումը այն է, որ երկու երկիրներուն ալ կարելիութիւն ընձեռուի հաւասար պայմաններու մէջ օգտուելու տարանցիկ գործառոյթէն, որ ունի մեր երկիրը: Ըստ այնմ, ասիկա մեր պատասխանն է այս հարցումին վերաբերեալ, եւ այդ հարցումին մէջ անհարկի ակնարկները անտեղի են», ըսած է Տարչիաշվիլի