Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Տարածքին 19 Իսլամականներ Ձերբակալուեցան

March 31, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտարարեց, որ ֆրանսական ոստիկանութիւնը երէկ արշալոյսին կատարուած արշաւի մը ընթացքին Ֆրանսայի տարածքին 19 իսլամականներ ձերբակալած է եւ զէնքեր գրաւած: Ձերբակալութիւնները կատարուած են Թուլուզի, Լիոնի, Մարսէյի, Փարիզի, Նիսի եւ Լը Մանի մէջ: Ձերբակալութիւններ կատարուած են նաեւ Նանթի մէջ, որ սալաֆական «Ֆուրսան Իզզա» կազմակերպութեան գործունէութեան կեդրոն մըն է:

Ոստիկանութիւնը Թուլուզի մէջ շարք մը սպանութիւններ կատարած եւ 22 մարտին ոստիկանութեան կողմէ սպաննուած ծագումով ալճերիացի Մոհամետ Մերայի մեղսակիցներ կը հետապնդէր: Մերա անդամ էր ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ նախապէս լուծարուած նշեալ կազմակերպութեան:

Մերայի եղբայրը` Ապտել Քատեր ամբաստանուած է անոր օժանդակելու յանցանքով, եւ ոստիկանութիւնը կը հետապնդէ երրորդ անձ մը, որ բոլոր սպանութիւններուն ընթացքին Մերայի օգտագործած մոթորսիքլեթի գողութեան մեղսակից է:

Սարքոզի «Էօրոփ1» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «ֆրանսացի ժողովուրդին ապահովութեան երաշխաւորումը մեր պարտականութիւնն է: Այլընտրանք չունինք: Կատարելապէս անհրաժեշտ է»:

Ան ըսաւ, որ արմատական իսլամականներու ձերբակալութիւնները պիտի շարունակուին, «եւ այդ մէկը մեզի պիտի արտօնէ մեր ազգային տարածքէն արտաքսել շարք մը մարդիկ, որոնք այստեղ գտնուելու որեւէ պատճառ չունին»:

«Այն ինչ որ պէտք է հասկնալի ըլլայ այն է, որ Մոնթոպանի եւ Թուլուզի ցնցումը մեր երկրին համար խոր է, չեմ ուզեր աղէտները բաղդատել, սակայն որոշ չափով Միացեալ Նահանգներու եւ Նիւ Եորքի մէջ 11 սեպտեմբեր 2001-էն յառաջացած ցնցումին կը նմանի»:

Սարքոզի պայքար կը մղէ 22 ապրիլին դարձեալ նախագահ ընտրուելու: Չորեքշաբթի երեկոյեան հրապարակուած հարցախոյզ մը ցոյց կու տար, որ Սարքոզի կը վայելէ քուէարկողներուն 30 առ հարիւրին զօրակցութիւնը, իսկ անոր անմիջական մրցակից Ֆրանսուա Հոլլանտ` 26 առ հարիւրին: Հարցախոյզը ցոյց կու տայ նաեւ, որ Սարքոզի 6 մայիսին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան երկրորդ հանգրուանին Հոլլանտի վայելած առաւելութիւնը նուազեցուցած է:

Նախորդը

«Նապուքօ»-էն Մնաց Միայն «Արեւմտեան Նապուքօ»-ն

Յաջորդը

Կորտըն Եւ Քարասին Քննարկած Են Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Հարցը

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.