Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Լասարօ Այցելեց Պըրրիի Եւ Միքաթիի

November 15, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարօ երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները:

Պըրրի զգուշացուց զօր. Լասարոն Իսրայէլի բռնարարքներէն եւ քաղաքայինները, լրագրողներն ու փրկարար աշխատանք կատարողները թիրախ դարձնելու անոր սանձարձակութենէն, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Պէյրութին սպառնալու մշակոյթէն, որովհետեւ նման քայլեր շրջանին մէջ պատերազմին շրջագիծը ընդարձակելու յաւելեալ վտանգ կը նկատուին եւ կը հակադրուին միջազգային ու արաբական այն կեցուածքներուն, որոնք կոչ կ՛ուղղեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին յանձնառու մնալու:

Պըրրի բարձր գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու:

Միւս կողմէ, զօր. Լասարօ այցելեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական մագլցումները:

Միքաթի Լիբանանի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն, որոնք մեծաթիւ զոհողութիւններ կը մատուցեն սահմանային Կապոյտ գիծը պաշտպանելու ի խնդիր` աւելցնելով, որ տակաւին օրեր առաջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն անդամ զինուոր մը վիրաւորուած էր:

Միքաթի բարձր գնահատեց այս դժուար փուլին ընթացքին միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ճիգերը, որոնք կը կեդրոնանան հարաւային Լիբանանի լարուածութիւնը զսպելուն մէջ:

Միքաթի շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ արձանագրուած այս լարուածութեան դրդապատճառը Իսրայէլի կողմէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին խախտումն է:

Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն գործունէութեան եւ անոր աշխատանքային կանոններուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին հետ անոր գործակցութեան:

Իր կարգին, զօր. Լասարօ զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին մասին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մտահոգութիւնը յայտնեց:

Ան շեշտեց, որ ներկայիս ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն համար առաջնահերթութիւնը այն է, որ սահմանային մագլցումները զսպեն եւ քաղաքայիններուն անվտանգութիւնը պաշտպանեն:

Նախորդը

Պասիլ Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Հեռանկարները

Յաջորդը

Կառավարութեան Նիստը Առկախուեցաւ

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.