 Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Պաթրունի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ ազգային հարցերը:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը հանդիպումին մասին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հանդիպումը եղած է մտերմիկ, ընդգծուած է զոյգ կուսակցութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատուած է Լիբանանը աւելի հզօր դարձնել` ներքին մարտահրաւէրներուն դիմաց, որպէսզի կարելի ըլլայ հսկայական վտանգները դիմակայել:
Զոյգ ղեկավարները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները, ընդգծեցին ներքին լիբանանեան երկխօսութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ իշխանութիւնը վերակառուցել, Լեռնալիբանանի կայունութիւնը ամրապնդել եւ բարգաւաճման մարզին առումով տարբեր հորիզոններ բանալ:
Պասիլ եւ Ժոմպլաթ ճաշելէ ետք շրջագայեցան Պաթրունի մէջ: