Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ֆրետիոֆ Նանսենի Ոսկեայ Յուշամետալով Պարգեւատրման Արարողութիւն` ԵՊՀ Պատմութեան Հիմնարկի Նանսենի Անուան Լսարանին Մէջ
Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի Ֆրետիոֆ Նանսենի անուան լսարանին մէջ, Հայաստանի Ֆրետիոֆ Նանսեն հիմնարկ-հիմնադրամի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ «Նանսենի անուան» տարեկան մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը: Գրեթէ ամէն տարի Հայաստանի Ֆրետիոֆ Նանսեն հիմնարկ-հիմնադրամը Նանսենի ոսկեայ յուշամետալներով կը պարգեւատրէ Հայ դատի հետապնդման ոլորտին մէջ ներդրում ունեցած անհատներ:
Այս տարուան մրցանակակիրներն էին` հայ բանաստեղծ, լեզուաբան, գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, ԵՊՀ դոցենտ Թադէոս Տոնոյեանը, հայ երգահան, կիթառահար, նկարիչ, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Մարթին Ահարոնեանը եւ Հայաստանի մէջ մնայուն բնակութիւն հաստատած սփիւռքահայ մտաւորական, Սուրիոյ մէջ հրատարակուող «Գանձասար» հայկական շաբաթաթերթի նախկին խմբագիր, թարգմանչուհի Մարի Մերթխանեան-Եարալեանը:
Նախաձեռնութեան ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Էթիկ Մինասեանը: Ան ներկաներուն յիշեցուց մեծ մարդասէր Ֆրետիոֆ Նանսենի հայանպաստ գործունէութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն եւ Հայոց ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք: Ան նաեւ արձանագրեց, որ այդ լսարանին մէջ 1925 թուականին Երեւանի պետական համալսարանի ղեկավարութիւնը Նանսենին շնորհած էր պատուաւոր դոկտորի կոչում:
Ֆրետիոֆ Նանսեն հիմնարկ-հիմնադրամի նախագահ Ֆելիքս Բախչինեան իր ելոյթով անդրադարձաւ նանսենեան անձնագիրին, որ` իբրեւ անձը հաստատող ժամանակաւոր փաստաթուղթ, տրուած էր Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայ գաղթականներուն: Յիշեցնենք, որ 1922-ին Ժընեւ հրաւիրուած Ազգերու լիկայի ժողովին հայ գաղթականութեան հարցը բարձրացուած էր Ֆ. Նանսենի կողմէ: «Նանսենեան անձնագիր» ստացած արեւմտահայերը օգտուած են վերոնշեալ ժողովին մասնակցած երկիրներուն մէջ բնակելու, ազատ տեղաշարժի իրաւունքէն. անոնց նկատմամբ դադրած են գործել քաղաքացիութիւն չունեցողներուն համար նախատեսուած սահմանափակումները: Ֆ. Նանսենի նախաձեռնութեամբ, օրինական ուժ ստացած այդ անձնագիրներէն ու Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած է 320 հազար հայ:
Ֆրետիոֆ Նանսեն հիմնարկ-հիմնադրամը Նանսենի ոսկեայ մետալներ շնորհած է մեծ մարդասէրին ծննդեան օրը` 10 հոկտեմբերին: Այս տարուան մրցանակակիրներէն Թադէոս Տոնոյեան եւ Մարթին Ահարոնեան ոսկեայ մետալին արժանացած էին մասնաւորապէս Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով «Սուրբերու աչքեր» երգին համար (խօսքի հեղինակ` Թ. Տոնոյեան, երաժշտութիւնը` Մ. Ահարոնեանի), իսկ Մարի Մերթխանեան-Եարալեան` Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող արեւմտահայ յուշագիր Ֆերման Թորոսլարի «Աքսոր. ապստամբութեան բովէն անցած մութքեցի հայ ընտանիք մը» յուշագրութեան հայերէնի թարգմանութեան համար:
Մրցանակակիրներուն շնորհակալութեան խօսքէն բացի` ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեան, որ մասնաւորապէս ընդգծեց այսպիսի ձեռնարկներու կարեւորութիւնը` Հայկական հարցին եւ Հայ դատին ի նպաստ տարուող աշխատանքները շարունակական դարձնելու եւ մտաւորականները խրախուսելու առումով:
Հայաստանի Ազգային Գրադարանը Լայն Լսարանին Ներկայացուց «Եղիշէ Չարենց. Մատենագիտութիւն» Գիրքը
Եղիշէ Չարենցի 125-ամեայ յոբելեանին առիթով Հայաստանի Ազգային գրադարանը հանրութեան լայն շրջանակին ներկայացուց «Եղիշէ Չարենց. մատենագիտութիւն» ծաւալուն գիրքը, որուն վրայ աշխատած են շուրջ երկու տարի:
Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ նոյեմբեր 10-ին, Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ:
Գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեանի խօսքով, մարդն ու գիրքը ունին մէկ ընդհանրութիւն` մարդը լոյս աշխարհ կու գայ, իսկ գիրքը լոյս կը տեսնէ, երկուքն ալ լոյս կը բերեն: «Մեր գրադարանի գերակայ ուղղութիւնը մատենագիտութիւնն է: Չկայ որեւէ գիտութիւն, որուն մէջ հետազօտութիւն կատարուի` այն չսկսելով ու չաւարտելով մատենագիտութեամբ: 1937 թուականին գրադարանը սկսած է իր հրատարակչական գործունէութիւնը, որուն 85-ամեակը նշեցինք նախորդ տարի», յիշեցուց Չուլեան:
Ան տեղեկացուց, որ Ազգային գրադարանի կայքին մէջ շտեմարանները համալրուած են նոր թուային պահոցով: «Այն գիտական, մատենագիտական արտադրանքը, որ 85 տարի հրատարակած է գրադարանը, կը հրապարակուի: Կայքին մէջ այսօր կրնաք տեսնել մեր մատենագիտութիւնները, հրատարակչական գործունէութիւնը, որ իրականացուած է հինգ ուղղութեամբ, կենսամատենագիտութիւնը, որոնց ցանկին մէջ շատ շուտով կը տեսնէք նաեւ Չարենցի մատենագիտութեան ելեկտրոնային տարբերակը` յաւելումներով: Կը ներկայացուի նաեւ այն նիւթը, որ ծաւալի պատճառով չենք կրցած զետեղել գիրքին մէջ», ըսաւ գրադարանին տնօրէնը:
Մատենագիտութիւնը Չարենցի 100-ամեակին պէտք էր պատրաստուէր, սակայն զանազան պատճառներով նախաձեռնութիւնը կեանքի չէ կոչուած: Վերջապէս, մեծ գրողին 125-ամեակին առիթով կարելի եղած է կազմել եւ հրատարակել գիրքը:
Մատենագիտութեան ստեղծման գործին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի հրատարակութեան պատասխանատու խմբագիր Հայկանուշ Ղազարեանը, որ կրցաւ մէկ հարթակի մէջ հաւաքել Չարենցին վերաբերող հսկայածաւալ ու կարեւորագոյն նիւթեր:
Ղազարեան յայտնեց` 2021 թուականի յունիսէն սկսած են աշխատիլ գիրքին վրայ եւ աւարտած են 2023 թուականի օգոստոսին: Ան ընդգծեց` մատենագիտութիւնը ունի հետաքրքրական կառուցուածք, որն է` Եղիշէ Չարենցի գիրքերը, Չարենցի կազմած ու խմբագրած գիրքերը, անոր թարգմանած գիրքերը, Չարենցի մասին գիրքերը եւ օժանդակ ցանկեր:
Գիրքի կազմին եւ շապիկի ձեւաւորման հիմք հանդիսացած է Եղիշէ Չարենցի 1932 թուականի «Երկեր»` Տաճատ Խաչուանքեանի ձեւաւորումը: Գիրքին գլխաւոր խմբագիրը Դաւիթ Գասպարեանն է, պատասխանատու խմբագիրը` Հայկանուշ Ղազարեանը: Գիրքը հրատարակած է «Անտարես»-ը:
Ձեռնարկը գեղեցիկ կատարումով զարդարեց երգահան Ռոպերթ Ամիրխանեանը: Շնորհահանդէսը ուղեկցուեցաւ գրականութեան ցուցադրութեամբ, որուն մէջ ներկայացուած էին` Ազգային գրադարանի հարուստ հաւաքածոներէն Եղիշէ Չարենցի կեանքի ընթացքին հրատարակուած գիրքերը, Չարենցի` պետական հրատարակութեամբ աշխատած տարիներուն անոր խմբագրութեամբ եւ նշանաւոր նկարիչ-ձեւաւորողներու` Յակոբ Կոճոյեանի, Մարտիրոս Սարեանի, Միքայէլ Արուտչեանի, Տաճատ Խաչուանքեանի ձեւաւորումով գիրքերը, Չարենցի 125-ամեակին առիթով հրատարակուած գիրքեր եւ շատ մը այլ նիւթեր:
«Եղիշէ Չարենց. մատենագիտութիւն»-ը հրատարակուած է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:
Ազրպէյճան Բռնագրաւած Հադրութի Շրջանին Մէջ Հայկական Եկեղեցի Քանդած Է
Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութիւնը կ՛ահազանգէ բռնագրաւած Արցախի Հադրութի շրջանին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցւոյ քանդման մասին, որ կը փաստէ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի որոշման խախտման մասին:
2022 թուականի ամրան Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութիւնը արձանագրած էր 2020 թուական 44-օրեայ պատերազմէն ետք Ազրպէյճանի իշխանութեան տակ անցած Հադրութի շրջանի Մոխրենես գիւղի գրեթէ ամբողջական քանդումը: Հիմնովին քանդուած կառոյցներուն կարգին էր նաեւ Մոխրենեսի Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցին, որ կառուցուած էր 18-19-րդ դարերուն:
Սակայն, ինչպէս նշուած է հրապարակման մէջ, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ քանդումը, ըստ ամենայնի, վերջին քայլը չէր ազրպէյճանական միջամտութեան առումով, որովհետեւ կազմակերպութիւնը իր շարունակական դիտարկման ընթացքին փաստագրած է ապացոյցներ` հետագայ շինարարական աշխատանքներու վերաբերեալ:
Կազմակերպութիւնը կը յիշեցնէ, որ Ազրպէյճանը պարտաւոր է պաշտպանել հայկական մշակութային ժառանգութիւնը եւ կանխել Մոխրենեսի մէջ հայկական դարաւոր մշակութային եւ կրօնական կեանքը ջնջելու որեւէ փորձ:
«2022 թուականին եկեղեցւոյ քանդումը Միջազգային դատարանի 2021 թուականի դեկտեմբերին միջանկեալ միջոցի առաջին փաստագրուած խախտումն է», նշուած է կազմակերպութեան հրապարակումին մէջ: Ըստ Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութեան, հարց կը յառաջանայ, թէ ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը իր վճիռներուն խախտումներուն եւ զանոնք քողարկելու փորձերուն:
Յիշեցնենք, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը 2021 թուականի դեկտեմբեր 7-ին որոշած էր պարտադրել Ազրպէյճանին` «Ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` կանխելու եւ պատժելու վանտալիզմի եւ պղծման գործողութիւնները` ուղղուած հայկական մշակութային ժառանգութեան, ներառեալ` եկեղեցիներու եւ այլ պաշտամունքի վայրերու, յուշարձաններու, տեսարժան վայրերու, գերեզմանատուներու դէմ»:
«Հայաստանի Մանուկներ» Հիմնադրամը 10 Միլիոն Եւրօ Դրամաշնորհ Ստացաւ Սիւնիքի Մարզին Մէջ Կրթութիւնը Վերափոխելու Նպատակով
«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը (ՔՈԱՖ) Եւրոպական յանձնախումբին կողմէ Եւրոպական ներդրումային դրամատան միջոցով ստացաւ 10 միլիոն եւրօ ներդրումային դրամաշնորհ` Սիւնիքի մարզին մէջ երկու ՔՈԱՖ ՍՄԱՐԹ կեդրոն հիմնելու նպատակով: Հոկտեմբեր 25-ին Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Օլիվեր Վարհէյը եւ Եւրոպական ներդրումային դրամատան փոխնախագահ Թոմաս Օստրոսը ստորագրեցին դրամաշնորհի յատկացման համաձայնագիրին վերջնականացման յայտարարութիւնը: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան` Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի տնօրէն Արա Բարսամը եւ գործադիր տնօրէն Լիանա Ղալթաղչեանը:
Այս համագործակցութիւնը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ Սիւնիքի մարզի երեխաներուն ստանալ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան արտադպրոցական կրթութիւն, մասնաւորապէս` Կապան եւ Գորիս համայնքներուն մէջ, ուր պիտի կառուցուին ոչ դասական կրթութեան եւ ուսուցիչներու վերապատրաստման երկու գերժամանակակից ՔՈԱՖ ՍՄԱՐԹ կեդրոններ:
3-18 տարեկան աւելի քան 6 հազար երեխայ եւ երիտասարդ կարելիութիւն պիտի ունենան ներգրաւուելու տարբեր ուղղուածութեամբ կրթական ծրագիրներու մէջ, որոնց կարգին` օտար լեզուներ, ձեռներէցութիւն, ճարտարագիտութիւն, աթլեթ: Հասանելի պիտի ըլլան նաեւ ընկերային եւ հոգեբանական անվճար ծառայութիւններ, միջազգային փորձագէտներու կողմէ պիտի իրականացուին դասընթացքներ:
2018 թուականին Լոռիի մարզին մէջ գործարկուած ՔՈԱՖ ՍՄԱՐԹ կեդրոնը ոչ դասական կրթութեան յաջողած նախաձեռնութեան վառ օրինակ է, որ նպաստած է Հայաստանի գիւղական համայնքներուն մէջ կրթութեան բարելաւման եւ զարգացման: Իր գործունէութեան 5 տարիներուն ընթացքին Լոռիի ՍՄԱՐԹ կեդրոնը սպասարկած է աւելի քան 4 հազար ուսանողի` 28 բնակավայրէ:
Սիւնիքի մէջ երկու ՍՄԱՐԹ կեդրոններու ստեղծումը սերտօրէն կապուած է «Ներդրումներ կրթութեան մէջ, յատկապէս` Սիւնիքի մարզին մէջ» նախաձեռնութեան հետ` իբրեւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան Հայաստանի համար տնտեսական եւ ներդրումային ծրագրի բաղադրիչ: Անիկա նաեւ կը հանդիսանայ «Դիմակայուն Սիւնիք թիմ Եւրոպա» նախաձեռնութեան անբաժանելի մասը, որուն ծիրին մէջ աջակցութիւն պիտի տրամադրուի Հայաստանի հարաւային շրջաններու ընկերային-տնտեսական դիմակայութեան բարձրացման. այս տարածաշրջանը ամէնէն աւելի տուժած է 2020-ի ռազմական գործողութիւններէն եւ 2023 սեպտեմբերին արցախահայերու զանգուածային տեղահանութենէն: