Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փիա Քաուման: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Նախքան այցելութիւնը, Քաուման «Էքս»-ի վրայ գրած է, թէ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նախագահ, կը մեկնի Ազրպէյճան, Վրաստան եւ Հայաստան` հանդիպելու երեք երկիրներու ղեկավարներուն:
«Իմ նպատակս է նպաստել խաղաղութեան հոլովոյթին եւ ղեկավարել Երեւանի մէջ 18 – 20 նոյեմբերին տեղի ունենալիք մեր աշնանային հանդիպումը», գրած է ան:
Երեւան հաղորդած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը 18 – 20 նոյեմբեր պիտի հիւրընկալէ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանը:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը կը նշէ, որ Հայաստանի մէջ պիտի հիւրընկալուին կառոյցի 57 անդամ պետութիւններու պատուիրակութիւններու շուրջ 300 երեսփոխաններ: Պիտի քննարկուին Հարաւային Կովկասի շրջանին առնչուող հարցեր: Կը նախատեսուին նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ:
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ալիեւի եւ Քաումայի հանդիպումի ընթացքին միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ տիրող կացութեան եւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի դերի շուրջ:
Ազրպէյճանի ղեկավարը ընդգծած է, որ Հայաստանը չէ կատարած 2020 թուականի եռակողմ համաձայնագիրի յայտարարութիւններէն բխող պարտաւորութիւնները. «Բացի ատկէ, Հայաստան չէ կատարած «Արեւելեան Զանգեզուր»-ի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապ ստեղծելու իր պարտաւորութիւնները», ըսած է ան:
Ազրպէյճանը Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան կողմնակից է եւ կ՛աջակցի շրջանային խաղաղութեան օրակարգին, յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման»: