Պուտափեշտի մէջ կը շարունակուի «Թոթըլ Չես 2026» ճատրակի հեղինակաւոր միջազգային մրցաշարքը:
Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականի լաւագոյն ներկայացուցիչը` Հայկ Մարտիրոսեան, խմբակներու հանգրուանի իր վերջին մրցումին հաւասարութիւն արձանագրելէ ետք հնդիկ Ապհիմանիու Միշրայի հետ, գրաւեց Գ. խմբակի 3-րդ դիրքը` գերազանցելով ազրպէյճանցի Շախրիար Մամետեարովի եւ նորվեկիացի Մակնուս Քարլսենի նման վարպետներ: Աւելի՛ն` աշխարհի թիւ 1 Քարլսեն իր միակ պարտութիւնը կրած էր Մարտիրոսեանէն:
Այժմ, 4 խմբակներու առաջին դիրքերը գրաւող վարպետները կը խաղան կիսաւարտականի մրցումներ, մինչ Բ. դիրքերը գրաւող 4 վարպետները կը խաղան նոյն ձեւի կիսաւարտական մրցումներ` 5-րդէն 8-րդ դիրքերուն համար:
Երրորդ դիրքերը գրաւող վարպետները պիտի մրցին նոյն ձեւով` 9-րդէն 12-րդ դիրքերուն համար:
Հայկ Մարտիրոսեան պիտի մրցի հունգարացի վարպետ Ռիշար Ռափորթի դէմ: Մարտիրոսեան այժմ 48-րդ դասուած վարպետն է 2669 կէտով, մինչ հունգարացի իր մրցակիցը` Ռափորթ, 23-րդ դասուած վարպետն է եւ ունի 2718 կէտ:
Յաղթանակի պարագային Մարտիրոսեան իր դէմ պիտի ունենայ հնդիկ Արժուն Էրիկայսի -նետերլանտցի Ճորտըն Վան Ֆորիսթ ճակատումի յաղթականը:


