Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Նոյեմբեր 9, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանի 55-Ամեակի Տօնախմբութիւնը` Շրջանային «Անտուն» Վարչութեան Նոր Կեդրոնի Հիմնաքար

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան, 17 սեպտեմբերին Հոլիվուտի «Տաղլեան» մշակութային համալիրի ընդարձակ կառոյցին մէջ, սկիզբ առաւ շրջանի հիմնադրութեան 55-ամեակին նուիրուած յոբելենական խրախճանքը: Օրուան հանդիսավարներ Արա Եագուպեան եւ Վերժինի Թուլումեան մերթ ընդ մերթ երկլեզու խօսքերով ստեղծեցին քաղցր յիշատակներով լեցուն պահեր:

Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը ներկայացնող, հիւրաբար Լոս Անճելըս գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ Շահան արք. Սարգիսեան օրհնեց Համազգայինի նորածնունդ դրօշակը, իսկ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան կարդաց առաջնորդին օրհնութեան պատգամը:

Շրջանային վարչութեան ատենապետ Քնար Գորթոշեան երեկոն անուանեց տարեդարձի ցնծութեան օր, հայ մշակոյթի պանծացման, նաեւ երախտիքի եւ շնորհակալութիւն յայտնելու պատմական օր: Ան շնորհակալական  խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազանին, երախտագիտական խօսքերով գնահատեց Համազգայինի մասնաճիւղերը, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչութեան անդամ իր գործակիցներուն, կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն եւ յատկապէս 55-ամեակի մոմավառ-նուիրատուներուն, բարերարներուն եւ ներկաներուն` շեշտելով եւ յոյս յայտնելով, որ շրջանին մէջ «անտուն» մնացած Համազգայինը` շնորհիւ համայնքի հոգեւոր, ազգային ղեկավարութեան եւ իր առաքելութեան հաւատացող անհատներու զօրակցութեան, վերջապէս պիտի յաջողի ունենալ իր սեփական շէնքը եւ գործունէութեան վայրը:

Յայտագիրին ընթացքին ցուցադրուեցաւ  Համազգայինի 95-ամեայ երթը, նաեւ` Համազգայինի Լոս Անճելըսի շրջանի 55-ամեայ երթը պատկերացնող տեսերիզ մը, որուն մէջ ներկայացուած էր նաեւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած համազգայնականներու անուանացանկը, իսկ վաստակաւոր համազգայնականներ շնորհաւորանքի խօսքեր ուղղած էին Համազգայինի Քալիֆորնիոյ մեծ ընտանիքին:

Յայտնենք, որ այս առիթով Շրջանային վարչութիւնը հրատարակած էր յուշ-պատկերագիրք մը, որուն մէջ տեղ գտած էին հիմնադիր եւ յաջորդական շրջանային վարչութիւններու, մասնաճիւղերու եւ միաւորներու կազմերու անուանացանկերն ու գործունէութենէն պատկերներ: Յուշ-պատկերագիրքի հրատարակութեան հովանաւորութիւնը ստանձնած էին վաղամեռիկ համազգայնական Ռիթա Սապունճեան- Տէմիրճեանի ամուսինը եւ զաւակները:

Երեկոյի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Դաշնակահար Սէրուժ Գրաճեանին Համերգը

Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին, 15 հոկտեմբերին «Սան Մաթէը քոլեճ»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ անուանի հայ դաշնակահար Սէրուժ Գրաճեանին համերգը, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի Արցախի ժողովուրդի կենսական կարիքներուն:

Վարչութեան ատենապետ Լենա Մանուկեան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ հայերը` իբրեւ ազգ, պէտք չէ յուսալքուին, եւ մեր երաժիշտները պէտք է շարունակեն երաժշտութեան լեզուով փոխանցել ազնիւ զգացումներ եւ մանաւանդ` հայրենասիրութիւն: Ապա Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ հայր Սմբատ Սապունճեան աղօթքով առաջնորդեց համերգը:

Այնուհետեւ Սան Ֆրանսիսքոյի գաղութէն 15 տարեկան Ճերըմի Օրմպրեքը մեկնաբանեց  Առնօ Բաբաջանեանէն երկու երաժշտական կտորներ, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ անուանի հայ երաժիշտ, յօրինող եւ դաշնակահար Սէրուժ Գրաճեան` ընկերակցութեամբ իր նուագախումբին, բաղկացած` Հայկ Պէյլէրեանէ` կիթառ, Անի Սինանեանէ` ջութակ, Արտաշէս Սինանեանէ` հարուածային գործիքներ, Վիգ Մոմճեանէ` ելեկտրական պաս կիթառ:

Գրաճեանին համերգը իւրայատուկ էր իր այլազան ոճերով, որովհետեւ ան իր երաժշտական ուղիներու ներշնչական տարբեր ներկայացումները յստակօրէն կը ցոլացնէր իր մշակումներուն մէջ, ըլլան անոնք` դասական Պախէն, Վիվալտիէն կտորներ, թանկօ, «ռափսոտի», Հարաւային Ամերիկայի երաժշտութիւն, իր ծննդավայր Պէյրութի անուանի երգչուհի Ֆէյրուզէն յիշատակելի կտոր մը, ֆրանսահայ համաշխարհային երգիչ Շարլ Ազնաւուրէն եւ հայկական երաժշտութիւններէն կտորներ, միաժամանակ հաղորդակից մնալով իր հանդիսատեսներուն հետ` երաժշտութեան վերաբերող հետաքրքրական պատմութիւններ պատմելով:

Սուրիա

Հալէպի Մէջ Արցախի ու Կազայի Ժողովուրդներուն Զօրակցական Հաւաք

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդական միութեան (ՀԵՄ), 29 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք` նուիրուած Արցախի եւ Կազայի ժողովուրդներուն:

Զօրակցական հաւաքը սկսաւ Սուրիոյ քայլերգով, ապա հանդիսավար Ամեր Տրաու ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Արցախի եւ Պաղեստինի նահատակներուն յիշատակը ու շեշտեց, որ զօրակցական այս հաւաքով կը հաստատենք արդար պայքարը արցախահայութեան եւ Կազայի ժողովուրդներուն, ա՛յն ժողովուրդներուն, որոնք տասնամեակներ շարունակ ենթակայ դարձան բռնարարքներու` իրենց պատմական հողին վրայ:

«Քուտս» գումարտակի քաղաքական թեւի պատասխանատու Ատել Ապտուլ Հաք դատապարտեց միջազգայնօրէն ծրագրուած ահաբեկչութիւնը, որ կը միտի ազգեր բնաջնջել քաղաքական նպատակներու համար, աւելցնելով որ Թուրքիան է՛ր ու կը մնայ գործիքը մեր տարածաշրջանին մէջ ահաբեկչական ծրագիրներու իրագործման, եւ այս իրողութեան  վկան Հայոց ցեղասպանութիւնն է, եւ Թուրքիան այսօր, Ազրպէյճանի ձեռամբ, կազմակերպուած ցեղասպանութիւն կը հովանաւորէ Արցախի մէջ, Արցախի բնակչութիւնը բռնի տեղահանութեան կ՛ենթարկէ եւ շրջանի ժողովրդագրական պատկերը կը փոխէ:  Ան շեշտեց, որ իրաւունքը չի՛ մեռնիր, եթէ պահանջատէր ունի: Արաբ աւետարանական համայնքի պետ Իպրահիմ Նսէիր հաստատեց, որ Կազայի պատերազմը յստակօրէն բացայայտեց ծաւալապաշտական եւ թշնամական նկրտումներ ունեցողները,  աւելցնելով, որ 1915-ին մեր նախահայրերը ցեղասպանութեան ենթարկուեցան Օսմանեան կայսրութեան մէջ, եւ նոյն թշնամին է, որ Արցախի ժողովուրդը ցեղասպանութեան ու բռնի տեղահանման ենթարկեց, Սուրիոյ մեր զաւակները սպաննեց ու այսօր Պաղեստինի մէջ ժողովուրդը կը սպաննէ, իսկ պատճառը այն է, որ մեր ժողովուրդները մշակոյթ ունին եւ իրենց ինքնութեան համար կը պայքարին: Ան հաստատեց, որ Պաղեստինի եւ Արցախի դատերը մեր բոլորին դատերն են, որոնք կը մղուին արդարութեան եւ ազատութեան համար:

Այնուհետեւ խօսք առին` պաղեստինեան «Ֆաթհ» կազմակերպութեան պատասխանատուն, Հալէպի կրօնական կալուածներու տնօրէնութեան կողմէ շէլխ դոկտ. Ճեմել Համմեշ, Սուրիական ազգային հասարակական կուսակցութեան ներկայացուցիչը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան եւ «Պաաս» կուսակցութեան Հալէպի քարտուղարին ներկայացուցիչը, որոնք լուսարձակի տակ առին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հայութեան դէմ ի գործ դրուած ցեղասպանութիւնը եւ բռնի տեղահանումն ու հայկական Արցախի բռնագրաւումը, Պաղեստինի ժողովուրդին ցեղասպանութիւնն ու բռնի տեղահանումը իսրայէլեան ուժերուն կողմէ, նաեւ վեր առին երկու ժողովուրդներուն իրենց պատմական հողերուն վրայ ազատ ապրելու իրաւունքն ու պահանջեցին մարդկային իրաւունքներու անունով հանդէս եկող միջազգային կազմակերպութիւններէն` դիտորդի դերին մէջ մնալով մեղսակից չըլլալ տեղի ունեցող բռնարարքներուն, որովհետեւ բռնարարքները անպատիժ պիտի չմնան, ու այս ժողովուրդներու զաւակներն ու թոռները պիտի ժառանգեն պահանջատիրութեան ջահը:

Աւարտին սրբազան հայրը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Պաղեստինի ժողովուրդին եւ արցախահայութեան` դատապարտելով բոլոր բռնարարքները, որոնք կը քանդեն խաղաղ գոյակցութեան հիմքերն ու ատելութիւն կը սերմանեն աշխարհի մէջ` շրջանցելով արդարութիւնը, խաղաղութիւնն ու մարդու իրաւունքները: Ան հաւաստիացուց,  որ արդարութեան համար մաքառող ժողովուրդները ուշ կամ կանուխ պիտի վերատիրանան իրենց իրաւունքներուն, որովհետեւ կը պայքարին անոնց համար ու այդ պայքարի շունչը վառ կը պահեն սերունդէ սերունդ: Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ցուցադրուեցաւ նաեւ Արցախի ու Պաղեստինի մասին տեսերիզ մը: Աւարտին Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Ծերուն Գահուէճեան կարդաց Բերիոյ հայոց թեմին եւ անոր մարմիններուն կողմէ դատապարտագիր մը, որով կը դատապարտուէին թրքական, ազրպէյճանական եւ սիոնիստական ցեղասպանական արարքները` հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն դէմ, ու միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղուէր` պատժելու բոլոր պատասխանատուները: Դատապարտագիրը ստորագրուեցաւ նաեւ հաւաքին մասնակիցներուն կողմէ:

Քեսապի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին Վերաշինութեան Ընթացքի Մէջ Է

Հայկական աւանի Հայց. առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառով որոշ վնասներ կրած էր, կը վերանորոգուի:

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի հսկողութեամբ, եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները մեծ թափով կ՛ընթանան:

«Արեւելք» կը հաղորդէ, որ կիպրահայ նուիրեալ հայրենակից Սեպուհ Արմենակեան, լսելով եկեղեցւոյ պարզած վիճակին մասին,  ամբողջութեամբ ստանձնած է եկեղեցւոյ վերանորոգման ընդհանուր ծախսերը: Արդարեւ, ան մեկնած է Քեսապ ու 10 հազար տոլարի իշխանական նուիրատուութիւն կատարելով` ապահոված էր վերանորոգման համար պիտանի ամբողջական գումարը:

Քեսապ հայկական աւանին մէջ տեղի ունեցող վերանորոգման աշխատանքները սովորական նորոգման աշխատանքներ չեն, այլ խթան են գիւղի հայկական դիմագծի պահպանման ու մանաւանդ կը փաստեն, որ հայութիւնը երես չէ թեքած ամէն տեսակի փոթորիկներէ եւ օրհասներէ անցած Քեսապին, որ հակառակ այսօրուան դժուարին պայմաններուն` կը շարունակէ իր դարաւոր երթը:

Քանատա

ՀՕՄ–ի Լաւալի «Շուշի» Մասնաճիւղի 30-Ամեակ

Նախագահութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի,  29 հոկտեմբերին Լաւալի «Հայ կեդրոն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի 30-ամեակի ճաշկերոյթը:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Նելլի Համալեան, որ նշեց, թէ Լաւալի այս մասնաճիւղին հիմնադրութիւնը կը զուգադիպէր Շուշիի ազատագրման, այդ պատճառով ալ անուանուած է «Շուշի» մասնաճիւղ: Ան յայտնեց, որ Արցախի ներկայ ցաւալի ու անմարդկային իրադարձութիւններուն դիմաց որոշած են համեստաբար նշել մասնաճիւղին տարեդարձը, որպէսզի առաւելագոյն գումարը փոխանցեն արցախցի ժողովուրդին:

Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ալին Աւագեան-Հատիտեան վստահեցուց, որ կը ցանկային ձեռնարկին հասոյթը յատկացնել մեր ամբողջական եւ միասնական հայրենիքի զարգացման, հայրենիքի բարգաւաճման եւ հայ ազգին ու մեր գաղութին բարօրութեան, սակայն դժբախտաբար ներկայ պայմաններու լոյսին տակ պարտաւոր ենք մեր ուղղութիւնը կեդրոնացնելու լայնածաւալ մեր աշխատանքներուն` հասնելու արցախահայութեան կարիքներուն:

Գնահատական խօսքով հանդէս եկան Քեպեքի նահանգային խորհրդարանի անդամ Սոնա Լախոյեան եւ Լաւալի քաղաքապետութեան անդամ Սեդա Թօփուզեան, որոնք բարձր գնահատեցին մասնաճիւղին տարած աշխատանքը եւ ուժ ու կորով մաղթեցին ժրաջան ընկերուհիներուն: Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ օրուան նախագահ Մանան Ապրաքեան:

Օրուան բանախօս Լորիկ Սապունճեան- Ծատուրեան նկատել տուաւ, որ «Շուշի» մասնաճիւղը 30 տարեկան է, եւ մենք կորսնցուցինք Արցախը, որուն ազատագրումը կրցած էինք վայելել 30 տարի` ազգովին մեր յաղթանակով հպարտ: Ան յորդորեց ներկաները յաւելեալ պատասխանատուութեամբ, կրկնակի յանձնառութեամբ սկսին պայքարի նոր փուլ մը:

Բանախօսը բնութագրելով ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը` յայտնեց, որ անիկա չի սահմանափակուիր միայն դաստիարակչական ու բարեսիրական ոլորտներուն մէջ, այլ նաեւ` մարդկային իրաւունքներու, ընկերային արդարութեան եւ միջազգայնօրէն ամրագրուած սկզբունքներու եւ արժէքներու պաշտպանութեան մէջ, աւելցնելով, որ ՀՕՄ-ուհին ամէն տեղ է` ազգային, եկեղեցական, կազմակերպական, քաղաքական ու նոյնիսկ դիւանագիտական ոլորտներուն մէջ:

Քանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Փալանճեան վստահեցուց, որ մասնաճիւղի ընկերուհիները յառաջիկայ տարիներուն պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` միեւնոյն յանձնառութեամբ, ոգեւորութեամբ եւ կամքի զօրութեամբ:

Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամին մէջ յորդորեց ներկաները կամքի, ուժի եւ կորովի ջահը փոխանցել յաջորդող սերունդներուն` աւելցնելով, որ այդ ջահը փոխանցելու պարտականութիւնը մե՛րն է. մենք այսօր ժամանակաւորապէս պարտուած ենք, բայց երբ պարտութիւն կայ, կայ նաեւ յաղթանակ. մենք կը նայինք յաղթանակին, մենք կը նայինք կեանքին ու կը շարունակենք մեր պայքարը, որպէսզի վերստին տիրանանք ազատ, անկախ եւ ամբողջական Հայաստանի:

Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ գնահատանքի տախտակներու նուիրում, մոմավառութիւն եւ ջահի փոխանցում, գեղարուեստական յայտագիր: Ցուցադրուեցաւ նաեւ մասնաճիւղի վերջին հինգ տարիներու գործունէութեան մասին «Տագնապալի տարիներ» խորագիրը կրող տեսերիզ մը:

Նշենք, որ ձեռնարկին ընթացքին  հանգանակուեցաւ 31 հազար ամերիկեան տոլար, որ ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի արցախահայութեան:

 

 

 

Նախորդը

Պարի Մը Պատմութիւնը. Բատոլա

Յաջորդը

Անապակ Տարածքների Անքննելին*

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան

Մայիս 5, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?