Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ: «ՌԻԱ Նովոսթի», յղում կատարելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, կը տեղեկացնէ, որ նախարարները քննարկած են Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցեր:
«Հաստատուած է 2020-2022 թուականներու ընթացքին բարձրագոյն մակարդակով եռակողմ համաձայնագիրներու հիման վրայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերու ուժեղացման անհրաժեշտութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձած են նաեւ 23 հոկտեմբերին Թեհրանի մէջ կայացած «3+3» ձեւաչափով հանդիպումի արդիւնքներուն` բարձր գնահատելով զանոնք եւ համաձայնելով շարունակել հետագայ կշռութաւոր աշխատանքը` այդ ձեւաչափի խթանման համար:
Բացի ատկէ, Լաւրով եւ Պայրամով քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր: