ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ ծառայութեան շքանշանակիր
ԳՐԻԳՈՐ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2023-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի վարչութիւնը կը գուժէ իր երկարամեայ նախկին անդամին
ԳՐԻԳՈՐ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2023-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի վաստակաշատ նախկին վարչական, սկաուտական խորհուրդի նախկին ատենապետ եւ խմբապետ
ԳՐԻԳՈՐ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2023-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Շուշանիկ Աւետիքեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Արշօ Մկրտիչեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարդգէս եւ Նորա Մկրտիչեան եւ դստերք
Տիկին Այտա Մկրտիչեան
Տիկին Զարուկ Մկրտիչեան եւ զաւակունք
Տիար Զարեհ Մկրտիչեան
Տիար Նշան Մկրտիչեան (Միացեալ Նահանգներ)
Մկրտիչեան եւ Գալայճեան ընտանիքներ
Իմաստունեան եւ Կանումեան ընտանիքներ
Աւետիքեան եւ Չաքըրեան ընտանիքներ
Ուլուպեան եւ Օհաննէսեան ընտանիքներ
Օհանեան եւ Տիշչէքէնեան ընտանիքներ
Պոզօղլանեան եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԳՐԻԳՈՐ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1945-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2023-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 26 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մարի-Լիւսի Կէօչերեան-Գալուստեան
Տէր եւ տիկին երկրաչափ Մարտիրոս եւ երկրաչափ Ապիր Մահֆուզ-Գալուստեան եւ զաւակները` Աննայ Սարա եւ Մաթիաս
Տէր եւ տիկին տոքթ. Մարք եւ տոքթ. Քլեր Հաշեմ-Գալուստեան եւ զաւակները` Թոմաս-Հրանդ եւ Էմմա
Տիկին Այտա Մարգարեան
Տիկին Ժօէյլ Մարգարեան-Հաժ
Գալուստեան եւ Կէօչերեան ընտանիքներ
Մահֆուզ եւ Հաշեմ ընտանիքներ
Մարգարեան եւ Աբանեան ընտանիքներ
Աղաճանեան եւ Նազարեան ընտանիքներ
Թորոսեան եւ Ֆէրէշէթեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, կեսրայրին, մեծ հօր եւ հարազատին`
ՓՐՈՖ. ՀՐԱՆԴ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆԻ
(Սեն Ժոզեֆ համալսարանի ատամնաբուժական բաժինի նախկին փոխտնօրէն)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2023-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 26 հոկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին ուրբաթ, 27 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
—————————————
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ այս տարի` 29 հոկտեմբեր 2023-ին, Գիւտ խաչի կիրակին, մեծ հանդիսութեամբ պիտի նշուի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Այս առիթով տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ եւ աւանդական մատաղի օրհնութիւն:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին
Սուրբ պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:30-ին
Մատաղօրհնէք` ժամը 11:30-ին
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ իր ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ վերանորոգուի եւ հաղորդուի օրուան սուրբ խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ
2023-2024 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
Ոսկեբերան Արզումանեանի ընտանիքը` ընդառաջելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի փափաքին, կաթողիկոսարանին մօտ 2007-ին հաստատած է կրթական հիմնադրամ մը` հանգուցեալին անունով:
Հիմնադրամին նպատակն է նիւթապէս օժանդակել Ազգային եւ հայկական վարժարաններու աւարտական երեք դասարաններէն փայլուն եւ կարիքաւոր աշակերտներու, որպէսզի անոնք կարենան իրականացնել իրենց ձգտումները եւ կերտեն ակադեմական յաջող ապագայ:
Դիմել ցանկացող աշակերտները իրենց դիմումները պէտք է ուղարկեն fund@vosgueperan-arzoumanian.com ե-նամակի հասցէին, մինչեւ 30 հոկտեմբեր 2023:
Նախապէս յայտնենք, թէ այն աշակերտը, որ կը ստանայ այս թոշակը, ապագային պիտի ունենայ երկու պարտաւորութիւններ.
– նախ` համալսարանական տարիներու ընթացքին անդամագրուի Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ):
– ապա համալսարանը աւարտելէ ետք, հիմնադրամէն օգտուած տարիներուն համապատասխան, նոյնքան ժամանակ պէտք է սիրայօժար եւ առանց եկամուտի, ծառայէ հայկական ազգային ոեւէ հաստատութեան կամ միութեան մը մէջ, իր փափաքին համաձայն, ըլլայ Լիբանանի մէջ կամ այլուր: Այս կէտը կը կարեւորէ այն, որ ուսանողը գիտակցի, թէ պէտք է ծառայէ իր ազգին կամ գաղութին: