Ֆրանսայի խոստմնալից պասքեթպոլիստ Վիքթոր Ուեմպանեամա, որ 19 տարեկանին Փարիզէն նոր ժամանած է` միանալով Սան Անթոնիօ Սփըրզի ապագայի աստղերէն կը թուի ըլլալ, իր առաջին մրցումին 20 կէտ նշանակեց 19 վայրկեանի ընթացքին:
Օքլահոմա Սիթիի դէմ մրցումներ, որ 122-121 արդիւնքով աւարտեցաւ ի նպաստ Օքլահոմայի, 2,21 մեթր բարձրահասակ մարզիկը շատ հանգիստ ելոյթ մը ունեցաւ` կարծէք տարիներէ ի վեր «Էն. Պի. Էյ.» կը խաղայ:
Սփըրզի մարզիչ Կրեկ Փոփովիչ յայտնեց, որ շատ գոհ է եւ լաւատես է ֆրանսացի մարզիկի եքոյթէն:
Միւս կողմէ, Պոսթըն Սելթիքս համաձայնեցաւ երկարաձգել պայմանագիրը Ճէյլըն Պրաունի հետ 5 տարի եւս, 304 միլիոն տոլարի փոխարէն:


