Նիւքեսըլի իտալացի միջնապահ Սանտրօ Թոնալի, որ անցեալ շաբաթ «տուն» ղրկուած էր Ֆաճիոլիի հետ ապօրինի գրաւի (պեթինկ) կասկածի պատճառով, ըստ երեւոյթին իրապէս խաղցած է գրաւ իր նախկին խումբին` Ա. Ս. Միլանին վրայ, որ յաղթէ ախոյեանութեան գծով 2 մրցումներու:
Յաւելեալ մանրամասնութիւն չհաղորդուեցաւ, տակաւին, բայց վստահ Ֆաճիոլիէն (7 ամիս) աւելի երկար պիտի ըլլայ Թոնալիի կախակայումը:


