Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթա հարցաքննութեան կ՛ենթարկուի վերջին 20 տարուան ժամանակաշրջանին, իրաւարարներու կաշառք տալու յանցանքով:
Անցեալ մարտին փաստաբաններ գանգատ ներկայացուցած էին անօրէն վճարումներ նկատելով (7,8 միլիոն տոլար) 17 տարուան վրայ, Խոսէ Մարիա Էնրիքէ Նեկրէյրայի մէկ հաստատութեան: Նեկրէյրա Սպանիոյ ֆետերասիոնի իրաւարարներու կոմիտէի անդամ էր 1993-էն 2018:


