Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 14 հոկտեմբերին ընդունած է այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան նախագահ Էրսին Թաթարը:
Ըստ Ալիեւի պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան, կողմերը գոհունակութեամբ խօսած են «թրքական աշխարհի ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններու ընդլայնման, ինչպէս նաեւ մարդասիրական, մշակութային, կրթական եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան մասին»:
Ալիեւ ըսած է, թէ Ազրպէյճան «միշտ նպաստած է թրքական աշխարհի սերտ միաւորման եւ այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ միասնութեան գաղափարներուն»:
«Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան գործունէութիւնը Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան մէջ` դէտի կարգավիճակին մէջ: Ընդգծուած է, որ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր այդպիսի կարգավիճակ ունի նաեւ Տնտեսական համագործակցութեան եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւններուն մէջ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Էրսին Թաթար իր կարգին շնորհաւորած է Ալիեւը` «Ազրպէյճանի գերիշխանութեան լիարժէք ապահովման վերաբերեալ» եւ շնորհակալութիւն յայտնած Պաքուի մէջ Հիւսիսային Կիպրոսի մշակոյթի օրերու կազմակերպման համար: Հանդիպումի աւարտին Թաթար Ալիեւին յիշարժան նուէր յանձնած է:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը գրէ. «Ուշագրաւ է, որ հանդիպումի սրահին մէջ տեղադրուած չեն եղած Ազրպէյճանի եւ այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան դրօշները, որովհետեւ ատիկա պիտի վկայէր Պաքուի կողմէ այդ կազմաւորման պաշտօնական ճանաչման մասին»:
Նշեալ ինքնահռչակ հանրապետութիւնը ճանչցուած է միայն Անգարայի կողմէ, որ ջանքեր կը գործադրէ այդ կազմաւորման միջազգային ճանաչման համար: Կիպրոսը եւ ՄԱԿ-ը զայն կը նկատեն գրաւեալ տարածք: