Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊԵԼԿՐԱՏԻ ՄԷՋ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՍԵՐՊԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՐԳԱՆԱԼՈՒ ԼՈՒՐՋ ՆԵՐՈՒԺ ՈՒՆԻ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

April 5, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Պորիս Թատիչ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Սերպիոյ նախագահ Պորիս Թատիչի հրաւէրով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Սերպիա:

Հանրապետութեան նախագահին դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Սերպիոյ նախագահներուն դռնփակ հանդիպումը, ապա` երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով հանդիպումը:

Բանակցութիւններուն յաջորդեց փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւնը: Մասնաւորաբար ստորագրուեցան երկու միջկառավարական համաձայնագիրներ` «Օդային հաղորդակցութիւններու մասին» եւ «Դիւանագիտական եւ ծառայողական-պաշտօնական անձնագիրներ կրող անձերու մուտքի արտօնագիրի պահանջի վերացման մասին», ինչպէս նաեւ «2011-2013 թուականներուն մշակոյթի մարզին մէջ համագործակցութեան մասին» գործնական ծրագիրը` Հայաստանի եւ Սերպիոյ մշակոյթի նախարարութիւններուն միջեւ:

Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Պորիս Թատիչ լրատուամիջոցներու հետ հանդիպման ընթացքին ներկայացուցին բանակցութիւններու արդիւնքները: Անոնք վերահաստատեցին յարաբերութիւնները ամրապնդելու երկու կողմերուն յանձնառութիւնը եւ ցանկութիւնը` նշելով, որ վերջին տարիներուն բարձրաստիճան երկկողմանի փոխադարձ այցելութիւններու եւ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ տեղի ունեցած բարձր մակարդակի հանդիպումներու իբրեւ արդիւնք աշխուժացած է Հայաստանի եւ Սերպիոյ միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը: Նախագահներ Սարգսեան եւ Թատիչ ընդգծեցին, որ Հայաստանի եւ Սերպիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական երկխօսութիւնը եւ առեւտրական-տնտեսական ու քաղաքական մարզերուն մէջ համագործակցութիւնը զարգանալու լուրջ ներուժ ունին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ իր սերպ գործընկերոջ խնդրանքով ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման ներկայ հանգրուանին մանրամասնութիւնները: Նախագահները համաձայնեցան, որ խնդիրին խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի եւ ուժի կիրարկումն ու անոր սպառնալիքը անընդունելի են միջազգային իրաւունքի տեսակէտէն:

Պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ երէկ նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Սերպիոյ վարչապետ Միրքօ Ցվեթքովիչի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Սլավիցա Ճուքիչ Տեյանովիչի հետ: Վարչապետ Միրքօ Ցվեթքովիչի հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-սերպական տնտեսական համագործակցութիւնը զարգացնելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները ընդլայնելու կարելիութիւններուն: Զրուցակիցները ընդգծեցին, որ կարգ մը այլ մարզերու շարքին, փոխադարձ գործակցութեան զգալի ներուժ կայ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Սերպիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Սլավիցա Ճուքիչ Տեյանովիչի հետ քննարկեց միջխորհրդարանական համագործակցութեան առնչուող հարցեր:

 

 

Նախորդը

ԼԻՊԻԱՆ ՍԱՐՔՈԶԻԻ «ՏԸ ԿՈԼԵԱՆ» ՊԱ՞ՀՆ» Է

Յաջորդը

ՃԵՄԱԼ ՓԱՇԱՅԻ ԹՈՌՆԻԿԸ ՕԳՏԱԳՈՐԾԱԾ Է ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵԶՐԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.