Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտպանութեան Բանակի Ողբերգութիւնը

October 12, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Մինչ ամէնէն մղկտալի պայմաններու մէջ տեղի կ՛ունենայ մեր ժողովուրդի խուճապային ելքը Արցախէն, Ազրպէյճանի առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակած է Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու մարդկային կորուստներու պատկերը, ըստ որուն, ազրպէյճանական կողմը ունեցած է 192 սպանեալ, 511 վիրաւոր: Հաւանաբար, շատ աւելի՛ն, զոր Պաքու կը նախընտրէ պահել Ազրպէյճանի եւ աշխարհի հանրութենէն:

Այլ  խօսքով, նախայարձակ Գողիաթը, որ սպառազինուած էր անհամեմատօրէն աւելի ճոխ զինատեսակներով ու ռազմակարողականութեամբ եւ իր կողքին ունէր Ռուսաստանի, Թուրքիոյ, Իսրայէլի, Ուքրանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու զինամատակարարման համակարգերը, յանկարծ  ինքզինք կը գտնէ դէմ յանդիման Արցախի մէջ իրեն սպասող Դաւիթին: Վիճակագրական այս տուեալները ինքնին կը վկայեն, թէ ինչպիսի՜ խիզախութեամբ և ռազմագիտական քանքարով կռուած են Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի զինուորները:

Բնական պայմաններու մէջ հայկական այս ուժը պէտք էր ուժեղ հակահարուած տուած ըլլար թշնամիին եւ ջարդուփշուր ընէր անոր յարձակողականը: Այդ բանը անպայման տեղի պիտի ունենար ցարդ հաստատուած եւ բազմիցս փորձուած հայկական ռազմավարական կերպարին (model) շնորհիւ, որ կ՛ենթադրէր ՀՀ Զինեալ ուժերու խորքային զօրակցութիւնը Արցախի ուժերուն` երկու հայկական բանակներու միջեւ վաղուց ձեւաւորուած փոխներգործօն մարտավարութիւններով: Եւ անշուշտ տեսնելով հայկական ուժի գերազանցութիւնը գետնի վրայ` Մոսկուան պիտի փութար միջամտելու եւ նոր զինադադար հռչակելու… ինչպէս` անցեալին:

Այս բանը տեղի չունեցաւ: Չէր կրնար տեղի ունենալ: Երեւանի մէջ նստած վիշիական թրքահաճոյ իշխանութիւնը Արցախը թողուց առանց յենարանի: Ան Արցախը հռչակեց Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մաս: ԱՆ ԽԶԵՑ ԿԱՊԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ԲԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ: Եւ երբ ազրպէյճանական ուժերը ներխուժեցին Արցախի մեր ամրոցէն ներս, ան մերժեց որեւէ ռազմական օժանդակութիւն: Ան Արցախին զլացաւ իր արդար յաղթանակը: ՄԵ՛Ր ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ: ԱՐՑԱԽԻ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ, ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ , ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԱՂՈՒԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈ՛Ւ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ:

Ան ոչ միայն զլացաւ այդ յաղթանակը Արցախին եւ հայ ժողովուրդին, այլ Արցախին պարտադրուած այս ահաւոր պարտութեամբ ան թշնամիին «նուիրեց» Արցախի հզօր ռազմուժը: Մասնագէտներու վկայութեամբ, մօտ մէկ միլիառ տոլար արժողութեամբ բարձրորակ հրակարողականութի՛ւն (firepower), որ յանձնուած է թշնամիին Պաշտպանութեան բանակին հասցուած դաւադրական այս հարուածով: Ան թշնամիին յանձնեց արցախեան մեր հայրենիքը եւ` անկէ բխող աշխարհաքաղաքական այն կենսական յենարանը, առանց որուն` հարցականի տակ է այսօր հայ պետականութեան  լինելիութեան շէնքը եւ, ի վերջոյ, հայութեան հաւաքական գոյութի՛ւնը իր հայրենի հողին վրայ:

Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակը ժամանակակից հայոց պատմութեան սխրալի իրագործումն էր: Իր անվիճելի ռազմահեղինակութեամբ, ան մեր առաջնագիծը պահող անսասանելի ուժն էր: Փանթուրքիզմի աղէտը իր բոյնին մէջ խեղդող մհերեան մագի՛լը եւ սարսափը թշնամիին: Պաշտպանութեան բանակի ողբերգութիւնը մեր ազգային ողբերգութիւնն է այսօր: Անոր կազմաքանդումով կը խախտի հայոց հայրենիքի պաշտպանունակութեան բանալի գրաւականը: Եւ անշուշտ նոյն համեմատութեամբ կը հզօրանայ թուրքեւազրպէյճանական (եւ իսրայէլեա՛ն) մեր թշնամիի լծակային ուժը Ռուսաստանի, Իրանի եւ Արեւմուտքի նկատմամբ: Այսինքն` բոլոր այն ուժե՛րը, որոնք բնական գործօններն են Կովկասի  հաւասարակշռութեան, եւ որոնց պէտք ունի հայ անկախ պետականութիւնը իր լինելիութիւնը կարենալ կերտելու համար: Մինչդեռ Արցախի լուծարումով թուրքեւազրպէյճանական թշնամի ուժը (Իսրայէլի հետ միասին) կը դառնայ գերիշխող եւ իր օրակարգը կը պարտադրէ տարածաշրջանի ռազմաբեմին: Ամէնէն ցանկալի, ամէնէն գերիրական եւ նիրվանեան դի՛րքը, զոր Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ., Թալէաթ, Էնվեր, Ճեմալ եւ Մուսթաֆա Քեմալ երբեւէ երազած ըլլային Թուրքիոյ համար:

27 սեպտեմբեր, 2023

Նախորդը

Չլուսացած Օրեր Եւ Անորոշ Սպասում. Արցախցիները` Գորիսի Հաւաքակայանում

Յաջորդը

Ո՞ւր Են Մեր Հայ Դիւանագէտները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ի՞նչ Է Հիպրիտային Պայքարը

January 14, 2026
Նոր Հրատարակութիւն.  «Յովհան Գ. Օձնեցի  Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը  Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան». Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան
Անդրադարձ

Նոր Հրատարակութիւն. «Յովհան Գ. Օձնեցի Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան». Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան

January 14, 2026
Կեանքի Նժարին Մէջ
Անդրադարձ

Մէկ Միտք, Բազում Հետեւանքներ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.