ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ
Հոկտեմբեր 2014-ին Քուէյթի մէջ տեղի ունեցաւ Արաբական լիկայի կազմակերպութեամբ գիտաժողով մը, որուն մասնակցեցան արաբական բոլոր երկիրները, ներառեալ` Լիբանանը: Այս գիտաժողովին նիւթն էր գաղթական արաբներու հարցը, մանաւանդ արաբ գաղթական կիներու իրավիճակը առողջական թէ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ, եւ թէ ինչպէ՛ս պէտք է բարելաւել այդ իրավիճակը` կիներուն ուժականութիւնը զօրացնելով: Տրուած ըլլալով, որ սուրիացի տեղահանուածներու հոսքը դէպի Լիբանան սկսած էր, բայց` ոչ ներկայ թիւերով, մտահոգիչ վիճակ մը արդէն կը տիրէր ազգային եւ կառավարական մարմիններուն մէջ: Լիբանան ներկայացաւ իր մտահոգութիւններով եւ այս մարզին մէջ ուզեց օգտուիլ տարբեր երկիրներու յաջողութիւններէն:
Ես այդ գիտաժողովին ներկայ էի իբրեւ անդամ Կնոջական խորհուրդին` փաստաբանուհի գործակիցի մը ընկերակցութեամբ: Եռօրեայ այս գիտաժողովի ընթացքին տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներ ներկայացուցին իրենց փորձառութիւնները եւ արծարծեցին իրենց յաջողութեան պայմանները: Հրաւիրուած էին նաեւ զանազան «բարեկամ» երկիրներու ներկայացուցիչներ` պատմելու իրենց «յաջողութեան պատմութիւնները»: Անոնց կարգին էր Քուէյթի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանին կինը եւ իր վարիչ քարտուղարուհին, որոնք խօսք առնելով բացատրեցին, թէ ինչպէ՛ս 1988-էն ետք ընդունած են իրենց գաղթականները եւ անոնց տրամադրած են տուներ ու ինչքեր, նաեւ ուսումնական գետնի վրայ յաջողած են բոլոր մանուկները դպրոց արձանագրել: Անոնք նաեւ անդրադարձան ազերի գաղթական կիներու վիճակի բարելաւման համար իրենց հոգատար կեցուածքին:
Երբ հարց տրուեցաւ, թէ ուրկէ՞ եկած են այդ գաղթականները, Ազրպէյճանի դեսպանին կինը անդրադարձաւ, որ այդ ժամանակաշրջանին «հայերը գրաւած են անոնց հողերը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ վռնտած են տեղւոյն բնակիչները` տեղահան դարձնելով զանոնք»:
Այդ պահուն ներկաներուն մէջ ինծի ծանօթներ իրենց աչքերը սեւեռեցին իմ կողմս` տրուած ըլլալով, որ միակ հայն էի այդ սրահին մէջ, հակառակ անոր որ կը ներկայացնէի Լիբանանը եւ գաղթական կիներու վիճակը Լիբանանի մէջ:
Անձնապէս պարտք զգացի լուսաբանել ընկերուհիներս` ներկայացնելով հայկական Արցախի պատմութիւնը, այն ժամանակուան կացութիւնը, ընդգծելով Արցախի հայկական դիմագիծը:
Ներկայիս պատմութիւնը կը կրկնուի, սակայն` հակառակ ձեւով: Տեղահանուածը մեր հայ ժողովուրդն է, արցախցի ժողովուրդը: Մենք ալ հիմա, մեր կարգին, կրնանք պատմել մեր «յաջողութեան պատմութիւն»-ները, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանի մէջ ներկայիս հայկական կազմակերպութիւնները, բարեսիրական միութիւնները, բարերարները կողք-կողքի աշխատելով եւ իրարու աջակցելով` կը փորձեն տեղահանուած արցախցիները տեղաւորել դպրոցներու, տուներու եւ սրահներու մէջ` ապահովելով անոնց կեցութիւնը, ապրուստը, դպրոցական ծախսերը, ինչպէս նաեւ` աշխատանք հայթայթելով երիտասարդներուն: Գնահատելի աշխատանք` բոլորին կողմէ կատարուած:
Սակայն արդեօք այսպիսով կը վերջանա՞յ Արցախի պատմութիւնը: Արդեօք հայ ժողովուրդը կրաւորական կեցուածքով յանձնուա՞ծ է` ըսելով, թէ ասիկա «հայերուն ճակատագիրն է»: Անշուշտ ոչ: Ամօթ է ափսոսանք զգալ այս մղձաւանջին ի տես: Այս ճգնաժամին մէջ մեր նորօրեայ պայքարը ունի իր զանազան ձեւերը, զինուորական օժանդակութեան կողքին, շատ կարեւոր է դիւանագիտական աշխատանքը` մտածելու համար, թէ ինչպէ՛ս պէտք է մեր ապագան բնորոշենք:
Ներկայիս սփիւռքի մէջ, արեւելքէն արեւմուտք, հեռաւոր Ամերիկայէն, Աւստրալիայէն, Եւրոպայէն եւ այլուր, հայ երիտասարդ դիւանագէտները կը գործեն իրենց ապրած երկիրներուն մէջ` իբրեւ տեղւոյն քաղաքացիներ: Ինչո՞ւ չօգտուինք անոնց փորձառութենէն, գիտութենէն եւ յաջողութիւններէն: Ճիշդ է` հայկական կուսակցութիւնները, միութիւնները, պատմաբանները կը հետեւին իրաւունքներու հետապնդման շարժումին, բայց դիւանագէտներու լուրջ աշխատանքը տարբեր յաջողութիւններ կը բերէ:
Ներկայիս հրամայականը կոչ ուղղելն ու այդ անձերը հրաւիրելն է, որպէսզի մասնակցին երկխօսական աշխատանքի` պատրաստելով եւ մշակելով գիտական ռազմավարութիւն, լուծումներ, առաջարկելով հաստատ եւ կայուն ապագայի ծրագիրներ: Վստահ եմ, որ շատեր պատրաստ են գալու եւ օգտակար հանդիսանալու, սակայն անոնց աշխատանքը գործնական իմաստ կը ստանայ, երբ անոնք պաշտօնապէս մաս կազմեն այս հաւաքական աշխատանքին: Արդար չէ, որ զարգացած եւ կրթուած այս ուժը անտեսուի:
Ժամանակը հասած է, որ սփիւռք եւ Հայաստան ձեռք-ձեռքի տուած` իբրեւ մէկ ուժ, մէկ քաղաքականութիւն որդեգրեն եւ ծրագրեն յաջող հեռանկարներ` միջազգային արձագանգ յառաջացնելով:
Նշենք նաեւ, որ այս դիւանագէտներուն կողքին, ներկայիս կը գտնուին յաջող դիւանագիտուհիներ, որոնց արծարծած առողջ գաղափարները` երկխօսութեան սեղաններու շուրջ, կրնան մեծ յաջողութիւն արձանագրել եւ վերջ տալ ներկայի ահաւոր ողբերգութեան:
Ներկայիս հայը զօրաւոր է, զարգացած եւ դիւանագէտ: 21-րդ դարուն ներելի չէ այլեւս Վարդանանց պատերազմի «բարոյական յաղթանակ»-ը տանիլ, այլ պէտք է խելացի եւ արդար որոշումներ տալ:
Ժամանակը չէ անցած, հիմա՛ է ժամանակը:


