Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիան Հայաստանէն կ՛ակնկալէ բանականութեան եւ իրականութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութիւն, որ ուղղուած պիտի ըլլայ խաղաղութեան, անվտանգութեան ու բարգաւաճման:
Էրտողան Թուրքիոյ կառավարութեան նիստէն ետք ժողովուրդին ուղղուած իր ուղերձին մէջ յայտարարած է Թուրքիան, որ պատրաստ է քայլ առ քայլ զարգացնելու յարաբերութիւնները, եթէ Հայաստանը կատարէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման վերաբերեալ իր խոստումները:
Ան նաեւ Իրանին կոչ ուղղած է մասնակցելու այդ պատմական նախագիծին, որ ճամբան պիտի բանայ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման քաղաքական ու տնտեսական քայլերու համար»:


