Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մեհտի Սաֆարին եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը քննարկած են հարաւկովկասեան շրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան ու կայունութեան անհրաժեշտութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:
Անոնք կարեւոր նկատած են շրջանային խնդիրներուն արտաքին միջամտութեան մերժումը, ինչպէս նաեւ շրջանի երկիրներու կառուցողական դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը շրջանային նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, ինչպիսին է «3+3» ձեւաչափը (Հայաստան, Վրաստան, Ազրպէյճան+Իրան, Ռուսիա, Թուրքիա):
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Հիւսիս-հարաւ փոխադրամիջոցային միջանցքի իրականացումը, միացեալ տնտեսական ծրագիրներու աւարտը, ինչպէս նաեւ հիւպատոսական հարցեր:
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 27-րդ նիստէն առաջ հանդիպումի ընթացքին Պայրամովն ու Սաֆարին քննարկած են իրանեան-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու օրակարգային հարցեր:
Երկու բարձրաստիճան դիւանագէտները ընդգծած են, որ վերջին տարիներուն իրականացուած փոխադարձ այցելութիւնները եւ բարձր մակարդակի հանդիպումները դրական ազդեցութիւն գործած են յարաբերութիւններու զարգացման վրայ:
Անոնք միտքեր փոխանակած են Հիւսիս-հարաւ միջանցքի, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ հաղորդակցական կապերու հաստատման շուրջ:
Պայրամով եւ Սաֆարի բարձր գնահատած են երկու երկիրներու միջկառավարական յանձնախումբի գործունէութիւնը:
Անոնք անդրադարձած են շրջանին մէջ տեղի ունեցող վերջին հոլովոյթներուն: Պայրամով տեղեկատուութիւն ներկայացուցած է «հակաահաբեկչական քայլերու» մասին:
«Ազրպէյճանը քայլերու կը ձեռնարկէ հայ բնակիչներու վերահամարկման համար եւ շահագրգռուած է Հայաստանի հետ կայուն խաղաղութեան հաստատումով` գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգման սկզբունքի հիման վրայ», ըսած է ան:


