Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայիսի Կ՛ուզէ Արագացնել Իրանէն Նախիջեւան Տանող Ճամբու Կառուցումը

Հոկտեմբեր 11, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի կ՛ուզէ արագացնել Իրանէն անցնող եւ Նախիջեւան տանող ճամբու կառուցումը: Այս մասին հաղորդեց Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով շաբաթ օր կառավարութեան նիստի ընթացքին Ռայիսիի յայտարարութիւնը:

Ռայիսի ընդգծած է Արաքսի սահմանային անցակէտի շինարարութեան արագացման կարեւորութիւնը:

Ըստ ԱՓԱ-ի, Իրանի նախագահը ըսած է, որ այս նախագիծի մեկնարկը պիտի բարձրացնէ երկու երկիրներուն, ինչպէս նաեւ շրջանի երկիրներուն միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական կապերու մակարդակը:

Նախանցեալ շաբաթավերջին Զանգելանի շրջանի Աղբանդ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Արաքս գետի վրայով Ազրպէյճանէն Իրան տանող ճանապարհային կամուրջի հիմնարկէքի արարողութիւնը: Կը հաղորդուի, որ կամուրջի կառուցման զուգահեռ պիտի ստեղծուին սահմանային եւ մաքսային ենթակառոյցներ:

Ըստ կողմերուն, «ստեղծուած ինքնաշարժային եւ սահմանային-մաքսային ենթակառոյցները պիտի ծառայեն բեռնափոխադրումներու յաւելման եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւն մուտքն ու ելքը դիւրացնելուն»:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս յայտարարած էր. «Եթէ Հայաստանը հրաժարի բանալ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը, ճամբան պիտի անցնի Իրանէն»:

 

Նախորդը

«Աւանդաբար Ղարաբաղը Միշտ Ալ Պատկանած Է Եւ Կը Պատկանի Հայաստանին» Կ՛ըսէ Իրանի Խորհրդարանի Բարձրաստիճան Պաշտօնատար Մը

Յաջորդը

Վրաստանի Խորհրդարանի Փոխնախագահը Վստահ Է, Որ Թիֆլիսը Կրնայ Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Միջնորդել

RelatedPosts

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Հոկտեմբեր 27, 2025
Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»
Հայկական

Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?