Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աւանդաբար Ղարաբաղը Միշտ Ալ Պատկանած Է Եւ Կը Պատկանի Հայաստանին» Կ՛ըսէ Իրանի Խորհրդարանի Բարձրաստիճան Պաշտօնատար Մը

October 11, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրան կ՛ուզէ, որ երկխօսութեան ծիրին մէջ լուծուին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի խնդիրները: Այս մասին ըսած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի փոխնախագահ Շահրիար Հէյտարի: Այս մասին կը հաղորդէ «ՓարսԹուտէյ»-ը:

Ղարաբաղեան տագնապի հարցով Երիտասարդ լրագրողներու ակումբին հետ հարցազրոյցի ընթացքին Հէյտարի ըսած է. «Ներկայիս Ղարաբաղը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վիճելի տարածք է: Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը, օգտագործելով արտաշրջանային երկիրներու եւ Սիոնական վարչակարգի կարողութիւնները, Հայաստանի նկատմամբ զինուորական գերակայութիւն ձեռք բերած է, սակայն ատիկա անոր չ՛արտօներ գրաւել ուր որ կ՛ուզէ»:

«Ղարաբաղը աւանդաբար կը պատկանի Հայաստանին, մարդոց դէպի Հայաստան փախուստը պայմանաւորուած է ազրպէյճանական բանակի գնդակոծութեամբ եւ յարձակումով, եւ ատիկա չի նշանակեր, որ հայերը Ղարաբաղի մէջ կորսնցուցած են իրենց էութիւնն ու ինքնութիւնը, որովհետեւ աւանդաբար Ղարաբաղը միշտ ալ պատկանած է ու կը պատկանի Հայաստանին»:

Հէյտարի աւելցուցած է. «Այսօր Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը նեղ կացութեան մէջ դրած է Ղարաբաղը, եւ Ղարաբաղը շրջափակման մէջ է չորս կողմէ»:

Իրանի խորհրդարանի արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի փոխնախագահը նշած է. «Այն տարածքները, որոնք նախապէս գրաւուած էին Հայաստանի կողմէ, եւ որոնց մեծ մասը կը պատկանէր Ազրպէյճանի Հանրապետութեան, Պաքուն ետ վերցուց նախքան վերջին տագնապները, սակայն անշուշտ եթէ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը փորձէ հետեւիլ նոյն ընթացակարգին, ապա պէտք է երկար տարիներ ներգրաւուած մնալ Սիոնական վարչակարգի, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ պարտադրուող անցանկալի պատերազմներու մէջ»:

Անոր համաձայն, արտաշրջանային երկիրները կը ձգտին շահագործել Կովկասի հարստութիւնները, նոր միջանցքները, եւ օգտագործել Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքը` աշխարհաքաղաքական առումով Եւրոպային միանալու համար:

«Հայաստանի կառավարութիւնը ստիպուած եղած է Լեռնային Ղարաբաղը յանձնել Ազրպէյճանի Հանրապետութեան, որովետեւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը զինուորական առումով կը գերազանցէ: Ի հարկէ պէտք է ըսել, որ Հայաստանը խնդիրներ ունի Ազրպէյճանի, Սիոնական վարչակարգին եւ Թուրքիոյ հետ», ըսած է Հէյտարի:

Իրանի խորհրդարանի արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի փոխնախագահը աւելցուցած է. «Վերջին 30 տարիներուն, որովհետեւ Ազրպէյճանը Հայաստանի դէմ պատերազմելու ուժ չունէր, մեծ արտօնութիւն տուած է Սիոնական վարչակարգին, Միացեալ Նահանգներուն, Բրիտանիոյ եւ Թուրքիոյ, որպէսզի անոնց միջոցով ետ ստանայ Ղարաբաղը»:

 

 

Նախորդը

Կիւլեր. «Այժմ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Նոր Կարելիութիւն Կայ»

Յաջորդը

Ռայիսի Կ՛ուզէ Արագացնել Իրանէն Նախիջեւան Տանող Ճամբու Կառուցումը

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.