Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն. «Պաքուի Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատելու Ժամանակը Չէ»

October 7, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու ժամանակը չէ», անհրաժեշտ է շարունակել այդ երկրին հետ քննարկումները` «Հայաստանը լաւագոյնս պաշտպանելու համար»: Կրանատայի մէջ այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն:

Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» պարբերականին համաձայն, Մաքրոն ափսոսանք յայտնած է Եւրոպական քաղաքական համայնքի ընդհանուր ժողովին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներու բացակայութեան նկատմամբ:

Ֆրանսայի նախագահը նաեւ ըսած է, որ կրկին պիտի հեռաձայնէ Իլհամ Ալիեւին` Ազրպէյճանի նկատմամբ «ճնշումը պահպանելու համար»:

Քոլոնա. «Ազրպէյճանի Դէմ
Պատժամիջոցներու Հարցը Օրակարգի Վրայ Չէ»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա, «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանէն անդրադառնալով Արցախի կացութեան, վերահաստատած է իր աջակցութիւն Հայաստանին, եւ Արցախի մէջ ցեղային զտումներու մասին հարցումին պատասխանած է.

«Նմանը կը յիշեցնէ: Մարդիկ ստիպուած են իրենց նախնիներու հողը լքել, ստիպուած են դուրս գան այնտեղէն` վերջին զինուորական գործողութիւններէն ետք կամ նոր զինուորական գործողութեան սպառնալիքի տակ: Ատիկա ինքնակամ ելք չէ», ըսած է ան:

Իրադարձութիւններու նկարագրութեան համար նախարարը օգտագործած է «յանցագործութիւն» եւ «ողբերգութիւն» բառերը:

Նախարարը վստահեցուցած է` պէտք է յոյս ունենալ, որ տեղահանուածները պիտի կարենան Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալ:

Քոլոնան յիշեցուցած է` «Ֆրանսան արդէն շատոնց Հայաստանի բարեկամն է եւ հանդէս կու գայ անոր կողմէ»: Ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներուն` ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ այդ հարցը «օրակարգի վրայ չէ»:

«Մենք հայերուն աջակցութիւն կը ցուցաբերենք, յատկապէս մարդասիրական եւ բժշկական ոլորտերու մէջ», ըսած է ան:

Քոլոնայի համաձայն, Ազրպէյճանը պարտաւոր է յարգել միջազգային օրէնքը եւ իր պարտաւորութիւնները:

«Մենք Հայաստանին կ՛աջակցինք նաեւ դիւանագիտօրէն, քաղաքական ձեւով», շեշտած է նախարարը:

 

 

Նախորդը

Ալիեւ. «Այսպէս Կոչուած Վարչակարգը Խուճապ Յառաջացուցած Է Ղարաբաղի Բնակչութեան Շրջանին Մէջ Եւ Ստիպած Տեղափոխուիլ Հայաստան»

Յաջորդը

Փութին. «Հայաստանը Ինք Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Ճանչցած Է»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.