Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաստատելով Տեղեկատուութիւնը` Փաթել. «Պոլսոյ Հանդիպումը Որոշակի Մարդասիրական Հրատապ Խնդիրներու Լուծման Եւ Լեռնային Ղարաբաղին Մարդասիրական Օգնութիւն Տրամադրելու Հարցով Էր»

October 6, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիայէն ետք, Միացեալ Նահանգներ եւս կը հաստատեն` 19 սեպտեմբերին ազրպէյճանական զինուորական յարձակումէն առաջ Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչներու միջեւ Պոլսոյ մէջ հանդիպումի տեղեկատուութիւնը:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վետանթ Փաթել մամլոյ ասուլիսի ընթացքին չուզեց զայն գաղտնի հանդիպում կոչել` շեշտելով, որ իր երկիրը բաւական կանոնաւոր կերպով կը հաղորդակցի շրջանին մէջ շահագրգիռ կողմերու հետ:

Փաթել որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուց` ըսելով, թէ Պոլսոյ մէջ հաւաքուած էին որոշակի մարդասիրական հրատապ խնդիրներու լուծման եւ Լեռնային Ղարաբաղին մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու հարցով: «Ահա թէ ինչի մասին էր հանդիպումը», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ատիկա Մինսքի խմբակի համանախագահներո՞ւ հանդիպում էր, Փաթել ըսած է` ատիկա աշխատանքային մակարդակի վրայ հանդիպում էր: Իսկ թէ ո՛վ էր նախաձեռնող կողմը, ան ըսած է` չ՛ուզեր ըսածէն աւելի մանրամասնել:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հիասթափեցնող չէ՞ր, որ հանդիպումէն երկու օր ետք տինամոն սկսաւ քանդուիլ, Փաթել պատասխանած է. «Ընդհանուր առմամբ, ասիկա կացութիւն մըն է, որ կը շարունակէ մեզ խորապէս մտահոգել: Մենք ի հարկէ մտահոգուած ենք վերջին զինուորական գործողութիւններէն ետք ստեղծուած կացութեամբ, եւ ատիկա յանգեցուցած է աւելի քան 100 հազար հայերու Լեռնային Ղարաբաղի շրջանէն Հայաստան փախչելուն, եւ մենք ուշադիր կը հետեւինք գետնի վրայ տիրող կացութեան: Ի հարկէ, մենք առաջուան նման մտահոգուած ենք եւ կը շարունակենք ուշադիր ըլլալ մարդասիրական հետեւանքներուն: Ահա եւ պատճառներէն մէկը այդ հանդիպման»:

«Փոլիթիքօ» թերթը` վկայակոչելով անանուն բարձրաստիճան դիւանագէտ մը եւ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարներ, հաղորդած էր, որ Եւրոպական Միութեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչները գաղտնի բանակցութիւններ վարած են 17 սեպտեմբերին Պոլսոյ մէջ` Ղարաբաղի մէջ նոր սրումէն երկու օր առաջ:

Անդրադառնալով նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին երէկ Կրանատայի մէջ հանդիպումին մասնակցութիւնը ջնջելուն` Փաթել ըսած է. «Ի գիտութիւն կ՛ընդունինք, որ նախագահ Ալիեւը պիտի չմասնակցի Կրանատայի մէջ առաջարկուող հանդիպումին: Մենք մշտապէս յստակ ըսած ենք, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը էական նշանակութիւն ունի այս երկարատեւ տագնապը լուծելու համար… Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը կը շարունակէ աներեւակայելի կարեւոր ըլլալ Հարաւային Կովկասի մէջ արժանապատիւ եւ կայուն խաղաղութիւն գտնելու համար: Ահա թէ ինչու արտաքին գործոց նախարարը անձամբ եւ այսչափ ներգրաւուած է` շարունակելով խօսիլ երկու երկիրներու գործընկերներու եւ զրուցակիցներու հետ», ըսած է Փաթել:

 

 

 

Նախորդը

Ամիրպեքով. «Լեռնային Ղարաբաղը Լքած Հայերը Պիտի Պահպանեն Ազրպէյճան Վերադառնալու Իրաւունքը»

Յաջորդը

Ռայիսի. «Զանգեզուրի Միջանցքը» ՕԹԱՆ-ի Ներկայութեան Հարթակ Է Եւ Սպառնալիք Երկիրներու Ազգային Անվտանգութեան»

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.