Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամիրպեքով. «Լեռնային Ղարաբաղը Լքած Հայերը Պիտի Պահպանեն Ազրպէյճան Վերադառնալու Իրաւունքը»

October 6, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղը լքած հայերը պիտի պահպանեն Ազրպէյճան վերադառնալու իրաւունքը: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն կը հաղորդէ, որ այս մասին ֆրանսական «Ռատիօ Ժի» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էլչին Ամիրպեքովը:

«Ղարաբաղի մէջ հակաահաբեկչական քայլերու ճիշդ սկիզբէն Ազրպէյճանի կառավարութիւնը յայտարարած է խաղաղ բնակիչներուն, որ անոնք չեն եղած այդ զինուորական գործողութիւններու թիրախը: Թերեւս քաղաքային բնակչութիւնը այնքան ալ վստահ չէր իր անվտանգութեան հարցով այն բանէն ետք, երբ ապօրինի անջատողական կազմակերպութիւնը յանձնեց ամբողջ զինամթերքը», նշած է Ամիրպեքով:

Անոր համաձայն, «վերջին շաբթուան ընթացքին նոյնիսկ բազմաթիւ փորձեր եղած են ազդելու բնակչութեան վրայ, որպէսզի անոնք չլքեն իրենց տուները»:

«Անոնց ցուցաբերուած է անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն, ելեկտրականութեան մատակարարումը վերականգնուած է: Նման կոչեր հնչած են ռատիոյով եւ պատկերասփիւռի ճամբով, որպէսզի անոնց մօտ խուճապ չստեղծուի: Ճիշդ է` տուները լքելու որոշումը իրենց անձնական եւ կամաւոր որոշումն է: Մենք կը ցաւինք ատոր համար եւ անգամ մը եւս կը յայտարարենք, որ անոնք կը պահպանեն իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը», աւելցուցած է Ամիրպեքով:

«Հայերը «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Հարցով
Մեզ Սխալ Հասկցած Են, Մենք Կը Ճանչնանք
Հայաստանի Գերիշխանութիւնը»

Ամիրպեքով 4 հոկտեմբերին` պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու Հատսըն հիմնարկի Միջին Արեւելքի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան կեդրոնի տնօրէն Մայքըլ Տորընի հարցումներուն, յայտնած է. «Ինչ կը վերաբերի «Զանգեզուրի միջանցք»-ին, ապա հայերը, հաւանաբար, մեզ սխալ հասկցած են. ազրպէյճանական կողմը չի յաւակնիր այդ տարածքներուն եւ զանոնք իբրեւ Հայաստանի գերիշխան տարածք կը ճանչնայ»:

Ան նշած է, որ այլ հարց է, թէ հայերը ինչպէ՛ս պիտի ապահովեն միջանցքի անվտանգութիւնը: «Ասիկա առանձին խնդիր է, որովհետեւ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ռուս սահմանապահները պէտք է ապահովէին երթեւեկի անվտանգութիւնը: Հիմա, կարծես թէ, հայերը վերատեսութեան կ՛ենթարկեն այդ պարտաւորութիւնը, որովհետեւ ռուսերուն վերապահուած այդ դերը այլեւս ընդունելի չեն նկատեր», ըսած Ամիրպեքով:

 

 

Նախորդը

Թուրքիան Կ՛ողջու՛նէ Կրանատայի Հանդիպումին Չմասնակցելու Պաքուի Որոշումը

Յաջորդը

Հաստատելով Տեղեկատուութիւնը` Փաթել. «Պոլսոյ Հանդիպումը Որոշակի Մարդասիրական Հրատապ Խնդիրներու Լուծման Եւ Լեռնային Ղարաբաղին Մարդասիրական Օգնութիւն Տրամադրելու Հարցով Էր»

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.