Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մեկնաբանած է Արցախի հարցով Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներու գաղտնի հանդիպումը, որուն մասին գրած էր «Փոլիթիքօ»-ն: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք Արմենիա»-ն:
«Ատիկա տեսակէտներու սովորական փոխանակում էր», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Զախարովա` աւելցնելով. «Նախաձեռնութիւնը եղած է Արեւմուտքինը, եւ ատոր մէջ որեւէ գաղտնի բան չկար, եւ եթէ այս պատմութիւնը հիմա կը ցուցադրուի իբրեւ սադրիչ, ապա նպատակը սադրանք ստեղծելն է»:
«Փոլիթիքօ»-ի համաձայն, հանդիպումը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ մէջ` ազրպէյճանական զինուորական յարձակումէն 2 օր առաջ: Հանդիպումին մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու Կովկասեան բանակցութիւններու աւագ խորհրդական Լուիս Պոնոն, Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Իկոր Խովայեւը:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ըսած է, որ հրապարակման մէջ կան բազմաթիւ անճշդութիւններ եւ սխալներ` Ղարաբաղի հարցով Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ Ռուսիոյ հանդիպումին վերաբերեալ: «Հաղորդակցութիւններ եղած են, սակայն ոչ այնպէս, ինչպէս գրուած է», ըսած է ան:


