Միացեալ Նահանգներ կը յարգեն Հայաստանի գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը եւ Հայաստանի կառավարութեան կը ձգեն իր օրէնսդրական գործընթացները մեկնաբանելը: Այս մասին ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վետանթ Փաթել` անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կողմէ Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացումը:
«Մենք կը յարգենք Միջազգային քրէական դատարանին միանալու իւրաքանչիւր երկրի իրաւունքը եւ ոգեւորուած ենք բազմաթիւ պետութիւններով, ներառեալ Հայաստանը, որոնք պարտաւորութիւններ ստանձնած են խթանելու արդարութիւնը ցեղասպանութեան պատասխանատուութեան, պատերազմական յանցագործութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու հարցին մէջ», ըսած է Փաթել:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ռուսիան կը սպառնայ Հայաստանին անոր կատարած այդ քայլին համար, արդեօք Միացեալ Նահանգները պիտի պաշտպանե՞ն Հայաստանը ռուսական կարողական յարձակումէն, Փաթել միայն շեշտած է` Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն բարձրագոյն մակարդակներով հաղորդակցութիւնները Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ` արժանապատիւ եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու համար:
«Պատահական չէ, որ Միացեալ Նահանգներ վերջին շաբաթներուն ընթացքին եւ ատկէ ետք, կը կրկնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ աւելի երկարաժամկէտ, անկախ, միջազգային դիտորդական առաքելութիւն ստեղծելու կոչը` վստահ ըլլալու, որ հայերու իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը պաշտպանուած պիտի ըլլան յատկապէս անոնց պարագային, որոնք վերադառնալու ցանկութիւն կը յայտնեն», ըսած է Փաթել:
«Առաքելութիւնը նաեւ պիտի ծառայէ մշակութային ժառանգութեան առարկաներու պաշտպանութեան համար, ինչ որ կը համապատասխանէ Ազրպէյճանի հրապարակային յայտարարութիւններուն եւ անոնց միջազգային պարտաւորութիւններուն», ըսած է Փաթել:
Այն հարցումին, թէ համաձա՞յն է այն մտավախութիւններուն հետ, թէ յատկապէս այն բանէն ետք, երբ հայերը լքեցին Ղարաբաղը, ռուս խաղաղապահները ոչ թէ «Ղարաբաղի մէջ խաղաղութիւնը պահպանելու, այլ Ղարաբաղի կտորը պահելու համար են», Փաթել պատասխանած է. «Պարզապէս չեմ ուզեր ենթադրութիւններ ընել: Ես պիտի կրկնեմ Մեթիու Միլլըրի ըսածը` նման ներկայութիւնը կը շարունակէ մտահոգիչ ըլլալ: Սակայն ամէն ինչ կ՛ընենք, որպէսզի ունենանք արժանապատիւ եւ տեւական խաղաղութիւն»: