Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սթանօ. «Ազրպէյճան Պատասխանատուութիւն Կը Կրէ` Ապահովելու Ղարաբաղցի Հայերու Իրաւունքները Եւ Անվտանգութիւնը»

October 2, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

19 եւ 20 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի զինուորական գործողութեան եւ ատոր նախորդած Լաչինի միջանցքի ամիսներ շարունակուած շրջափակման պատճառով այս պահուն տեղի կ՛ունենայ Ղարաբաղի հայերու զանգուածային գաղթ: Մարդիկ կը լքեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրենց տուները եւ ապաստան կը գտնեն Հայաստանի մէջ: Այս մասին  նշուած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան բանբեր Փիթեր Սթանոյի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«Անհրաժեշտ է անյետաձգելի, շարունակական, անխոչընդոտ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերել անոնց, որոնք տակաւին կարիքի մէջ են Ղարաբաղի մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք հեռացած են: Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) աշխատանքին, որ կը նպաստէ վիրաւորներու, ինչպէս նաեւ հիւանդներու շտապ տարհանման եւ այդտեղ օգնութեան տրամադրման», նշած է Սթանօ:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան բանբերը նշած է` Եւրոպական յանձնաժողովը յայտարարած է յաւելեալ 5 միլիոն եւրոյի չափով մարդասիրական օգնութեան մասին` օգնելու Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան տեղահանուածներուն եւ Ղարաբաղի մէջ խոցելի կացութեան մէջ յայտնուածներուն:

«Եւրոպական Միութիւնը եւ անոր անդամ երկիրները պատրաստ են լրացուցիչ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու: Ազրպէյճանը պատասխանատուութիւն կը կրէ ապահովելու ղարաբաղցի հայերու իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը, ներառեալ` առանց ահաբեկման եւ խտրականութեան իրենց տուներուն մէջ արժանապատիւ ապրելու, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու վերադարձի իրաւունքը:

«Կարեւոր է, որ ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը կարենայ մուտք գործել տարածք յաջորդ օրերու ընթացքին: Եւրոպական Միութիւնը ի գիտութիւն ընդունած է յատուկ հարթակի միջոցով հայ բնակիչներու գրանցման գործընթացի մեկնարկի մասին Ազրպէյճանի իշխանութիւններու յայտարարութիւնը: Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ ուշադիր հետեւիլ այդտեղ արձանագրուող զարգացումներուն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

 

Նախորդը

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Կը Կրկնեմ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Երկխօսութեան Կոչը` Յուսալով, Որ Վերջ Պիտի Դրուի Մարդասիրական Ճգնաժամին»

Յաջորդը

Պայրամով Ռուսիոյ Նախագահի Խորհրդականին Հետ Քննարկած Է Արցախի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները

February 14, 2026
Պաքուի Մէջ Հայ Գերիներու Դատավճիռներու Վերաբերեալ Ընկերվար Միջազգայնականի Յայտարարութիւնը
Հայկական

Պաքուի Մէջ Հայ Գերիներու Դատավճիռներու Վերաբերեալ Ընկերվար Միջազգայնականի Յայտարարութիւնը

February 14, 2026
Վանս Պաքուի Մէջ Քննարկած Է Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Պաքուի Մէջ Քննարկած Է Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը

February 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.