Ֆրանչիսկոս պապը ըսած է, որ կը հետեւի վերջին օրերուն Արցախէն տեղահանուած հայերու ողբերգական իրավիճակին: Այս մասին կը հաղորդէ «Վաթիքըննիուզ» կայքը:
«Ես կը կրկնեմ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութեան կոչս` յուսալով, որ կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները` միջազգային ընտանիքին աջակցութեամբ, պիտի նպաստեն տեւական համաձայնութեան, որ վերջ պիտի դնէ մարդասիրական ճգնաժամին», ըսած է պապը:
Ան նաեւ ըսած է, որ կ՛աղօթէ Ստեփանակերտի մօտ տեղի ունեցած ողբերգական պայթումի զոհերուն համար: