Հայաստան Ազրպէյճանի դէմ ցեղային խտրականութեան գործով հայց ներկայացուցած է Արդարադատութեան միջազգային դատարան` Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան պատճառով` պահանջելով միջանկեալ քայլեր կիրարկել: Այս մասին կը հաղորդէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կայքը:
Ինչպէս նշուած է դատարանի հաղորդագրութեան մէջ, Երեւանը ՄԱԿ-ի դատարանին կոչ կ՛ուղղէ` հաստատել Ազրպէյճանի յանձնառութիւնը` հրաժարելու «որեւէ գործողութենէ, որ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն ուղղուած է մնացեալ հայերը Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանելուն»:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը, վկայակոչելով կանոնադրութեան 41-րդ յօդուածը եւ դատարանի կանոնակարգի 73-րդ յօդուածը, երէկ հարցում ուղարկած է դատարան` «Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային հռչակագիրին մէջ ամրագրուած իրաւունքներու պահպանման եւ պաշտպանութեան համար» ժամանակաւոր քայլեր կիրարկելու մասին:
Հայաստան դատարանէն կը խնդրէ կիրարկել հետեւեալ ժամանակաւոր քայլերը եւ հաստատել Ազրպէյճանի պարտաւորութիւնները` համաձայն այդ գործով կայացուցած վճիռներուն, մասնաւորաբար 7 դեկտեմբեր 2021-ի եւ 22 փետրուար 2023-ի որոշումներուն:
1) Ազրպէյճանը պէտք է ձեռնպահ մնայ ձեռնարկելէ որեւէ քայլ, որ կրնայ յանգեցնել Ցեղային խտրականութեան վերացման յանձնախումբին նկատմամբ իր պարտաւորութիւններու խախտման:
2) Ազրպէյճան պէտք է ձեռնպահ մնայ որեւէ գործողութենէ, որ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն ուղղուած է Լեռնային Ղարաբաղէն մնացեալ հայերը դուրս մղելուն կամ անոնց համար հետեւանքներ ունենալուն, կամ կը խոչընդոտէ վերջին զինուորական յարձակման ժամանակ տեղահանուած անձերու, ներառեալ Հայաստան կամ երրորդ պետութիւններ փախչողներուն անվտանգ եւ արագ վերադարձին իրենց տուները, միեւնոյն ժամանակ արտօնելով անոնց, որոնք կ՛ուզեն լքել Լեռնային Ղարաբաղը, ատիկա ընել անարգել:
3) Ազրպէյճանը պէտք է 19 սեպտեմբեր 2023-ին իր զինեալ յարձակման հետեւանքով բռնագրաւուած Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր քաղաքային հաստատութիւններէն դուրս բերէ ամբողջ զինուորական եւ իրաւապահ անձնակազմը:
4) Ազրպէյճանը պէտք է աջակցի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան եւ անոր մասնագիտական հաստատութիւններու հասանելիութեան Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն նկատմամբ եւ զերծ մնայ որեւէ խոչընդոտ ստեղծելէ եւ որեւէ ձեւով չմիջամտէ անոնց գործունէութեան:
5) Ազրպէյճանը պէտք է աջակցի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի` Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու հասանելիութեան եւ զերծ մնայ որեւէ խոչընդոտ ստեղծելէ, ինչպէս նաեւ համագործակցի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին հետ` վերջին հակամարտութեան այլ հետեւանքներու վերացման գործին մէջ:
6) Ազրպէյճանը պէտք է անյապաղ աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընկերային ծառայութիւններու, ներառեալ կազի եւ ելեկտրականութեան ամբողջական վերականգնման եւ հետագային ձեռնպահ մնայ զանոնք խափանելէ:
7) Ազրպէյճանը պէտք է զերծ մնայ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ կամ նախկին քաղաքական ներկայացուցիչներու կամ զինուորներու նկատմամբ պատժիչ միջոցներու ձեռնարկելէ:
8) Ազրպէյճանը պէտք չէ փոխէ կամ ոչնչացնէ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած որեւէ յուշարձան կամ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գոյութիւն ունեցող որեւէ այլ յուշարձան, հայկական մշակութային առարկայ կամ յուշակոթող:
9) Ազրպէյճանը կը ճանչնայ եւ գործողութեան մէջ կը դնէ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն կողմէ ստեղծուած քաղաքային կացութեան հրամանագիրներու արձանագրութիւնները, անձը հաստատող փաստաթուղթերը, սեփականութեան իրաւունքները եւ գրանցամատեանները եւ չ՛ոչնչացներ կամ չի գրաւեր այդպիսի գրանցամատեաններն ու փաստաթուղթերը:
10) Ազրպէյճանը պէտք է դատարանին հաշուետուութիւն ներկայացնէ այս վճիռը ի կատար ածելու համար ձեռնարկուած բոլոր քայլերուն մասին մէկ ամսուան ընթացքին` սկսած այս վճիռի թուականէն եւ հետագային իւրաքանչիւր երեք ամիսը մէկ, մինչեւ դատարանի կողմէ գործի վերաբերեալ վերջնական որոշման կայացումը», նշուած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Պաքուի Արձագանգը
Պաքուն արձագանգած է Հայաստանի ներկայացուցած հայցին` զայն որակելով «անհիմն եւ անհեթեթ»:
«Այն փաստը, որ Հայաստանը չի հրաժարիր Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ իր նկրտումներէն, ազրպէյճանցիներու նկատմամբ ատելութիւն սերմանելու նպատակով նոր հայցեր կը ներկայացնէ` անտեսելով նշուած գործով Միջազգային քրէական դատարանի նախկին որոշումը, բացարձակապէս անընդունելի է», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչին համաձայն, «Հայաստանը կը չարաշահէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը իր նենգ քաղաքական օրակարգով, ինչպէս ըրած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ»:
«Ազրպէյճանական կողմը համապատասխան դատարանին պիտի ներկայացնէ իր դիրքորոշումը, որ պիտի արտացոլացնէ որոշակի արձագանգներ Հայաստանի նոր անհիմն պահանջներուն», յայտարարած է Հաճիզատէ: