Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու Կը Պնդէ, Թէ Ոչ Մէկ Կապ Ունի Ղարաբաղէն Հայերու Արտագաղթին Հետ

October 2, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 27 սեպտեմբերին յայտարարած է, թէ Ազրպէյճանը ոչ մէկ կապ ունի «Ազրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանի հայերու Հայաստան կամ որեւէ այլ երկիր տեղափոխման որոշումին հետ»: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռը կը հաղորդէ, որ ըստ ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, այդ յայտարարութեամբ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան նոյն օրը հրապարակած յայտարարութեան:

«Մենք պատրաստ ենք պայմաններ ստեղծելու, որպէսզի Ղարաբաղի հայերը ունենան աւելի լաւ կեանք, քան այն պայմանները, որոնց մէջ անոնք ապրած են իբրեւ Հայաստանի կողմէ ստեղծուած զինուորական խունթայի պատանդներ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Այդ փաստաթուղթին մէջ կ՛ընդգծուի, թէ Ազրպէյճանը վճռական է «վերահամարկել հայկական ծագումով Ղարաբաղի բնակիչները իբրեւ իրաւահաւասար քաղաքացիներ` սահմանադրութեան եւ ազգային օրէնսդրութեան, Ազրպէյճանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան»:

«Մենք կ՛ըմբռնենք, թէ որքա՛ն ցաւալի է Հայաստանի համար տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կը փլուզուի Ազրպէյճանի տարածքներուն մէջ ստեղծուած անջատողական վարչակարգը, սակայն հիմա աւելի լաւ պիտի ըլլայ, որ անոնք (հայերը) կեդրոնանան Ազրպէյճանի հետ խաղաղութիւն եւ վստահութիւն հաստատելու վրայ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Այդ փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ համաձայնութեան հիմը պէտք է դրուի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան ճանաչումը` «թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով»:

28 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է նոր յայտարարութիւն մը, որով արձագանգած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին մեկնաբանութեան:

«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք եւ կը մերժենք Ազրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանին մէջ ապրող հայ բնակիչները «ցեղային զտումներու» ենթարկելու մասին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 28 սեպտեմբեր 2023-ի յայտարարութիւնը», նշած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ժոլի. «Քանատան Ազրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատելը Չի Բացառեր»

Յաջորդը

Հայաստանը Ազրպէյճանի Դէմ Հայց Ներկայացուցած Է Արդարադատութեան Միջազգային Դատարան

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.