Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթոնով. «Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղենք` Զերծ Մնալու Ծայրայեղ Վտանգաւոր Խօսքերէն Ու Քայլերէն, Որոնք Կը Յանգեցնեն Հայաստանի Մէջ Հակառուսական Տրամադրութիւններու Արհեստական Աճին»

September 27, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով Ուաշինկթընին կոչ ուղղած է զերծ մնալու վտանգաւոր խօսքերէ եւ գործողութիւններէ, որոնք կը յանգեցնեն Հայաստանի մէջ հակառուսական տրամադրութիւններու արհեստական աճին: Այս մասին կը նշուի դեսպանատան «Թելեկրամ» ալիքի վրայ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Մասնաւորաբար, դեսպանը «վրդովեցուցիչ» որակած է Սպիտակ տան պաշտօնատարներու ակնարկները Ռուսիոյ` Հայաստանի անվտանգութեան իբրեւ գործընկեր անվստահելիութեան մասին:

«Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարներու նման ակնարկները վրդովեցուցիչ են: Ամերիկացիները, ըստ էութեան, կը կրկնեն որոշ հայ քաղաքական գործիչներու կողմէ կատարուած ոչ կառուցողական հրապարակային յայտարարութիւնները, որոնք կը փորձեն իրենց վրայէն վերցնել ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ սեփական ձախողումներու պատասխանատուութիւնը:

Ռուսիան եղած է եւ կը մնայ Հայաստանի համար յուսալի դաշնակից: Մենք միշտ անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերած ենք այս եղբայրական ժողովուրդին, ներառեալ մեր խաղաղապահները Ղարաբաղ ուղարկելով: Այն փաստը, որ ռուս զինուորները զոհուած են իրենց դիրքին վրայ, միայն կ՛ընդգծէ Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը` ընդունելու դժուար որոշումներ` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար:

«Ուաշինկթընին կոչ կ՛ուղղենք զերծ մնալու ծայրայեղ վտանգաւոր խօսքերէն ու գործողութիւններէն, որոնք կը յանգեցնեն Հայաստանի մէջ հակառուսական տրամադրութիւններու արհեստական աճին: Նման պնդումները միայն կը վկայեն այն մասին, որ Միացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակիցներուն նպատակը ոչ թէ կացութեան կարգաւորումն ու Հարաւային Կովկասի խաղաղ զարգացումն է, այլ Ռուսիոյ ռազմավարական վնաս հասցնելը եւ Եւրասիոյ միտումնաւոր ապակայունացումը` շրջանէն մեզ դուրս մղելու նպատակով», նշած է Անթոնով:

 

 

Նախորդը

Միջլիբանանեան Երկխօսութեան Տեղքայլի Լոյսին Տակ. Սերտ Ճիգեր` Վերակենդանացնելու Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարը

Յաջորդը

Փութին Եւ Ռայիսի Քննարկած Են Արցախի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Պէտք Է Ամուր Կանգնիլ Եւ «Ո՛չ» Ըսել Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Համատեղ Փաթեթին»

November 3, 2026
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

November 3, 2026
«Թեհրան «Թրամփի Ուղի»-ին Շուրջ Լուրջ Մտահոգութիւններ Ունի,  Սակայն Կը Վստահի Երեւանին»  Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը
Հայկական

«Թեհրան «Թրամփի Ուղի»-ին Շուրջ Լուրջ Մտահոգութիւններ Ունի, Սակայն Կը Վստահի Երեւանին» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.