Անուանի թենիսմեն, 37 տարեկան սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ, որ տարուան առաջին կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին` Աւստրալիոյ ախոյեանութեան ընթացքին վիրաւորուելէ ետք հեռու է թենիսի դաշտերէն, կը շարունակէ իր ապաքինումը:
Ան յայտնեց, որ տակաւին ունի ոտքի զօրաւոր ցաւեր եւ այդ իսկ պատճառով շատ յաճախ նոյնիսկ դժուարութեամբ կը քալէ:
Անդրադառնալով ապագայի հետ կապուած իր ծրագիրներուն` ան ըսաւ, որ օրին մէկը կը փափաքի դառնալ Ռէալ Մատրիտի նախագահ, սակայն ներկայիս իր սիրելի ակումբը ունի ամէնէն լաւ ղեկավարը` Ֆլորենթինօ Փերեսը:
Իսկ Քիլիան Էմպափէին անդրադառնալով ան ըսաւ, որ իր փափաքն է, որ ան միանայ Ռէալ Մատրիտին: