Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅ Դաշնակցութեան Երիտասարդական Համահայկական Խորհրդաժողովը Վերջ Գտաւ

March 28, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 22-24 մարտին ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու վարչութիւններու ներկայացուցիչներու համահայկական խորհրդաժողովը:

Խորհրդաժողովին մասնակցեցան տասներկու երկիրներէ Երեւան ժամանած ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու բարձրագոյն մարմիններու 25 ներկայացուցիչներ:

Խորհրդաժողովի բացումը տեղի ունեցաւ Եռաբլուրի մէջ, ուր մասնակիցները ծաղկեպսակներ զետեղեցին իրենց կեանքը հայրենիքին նուիրած ազատամարտիկներու շիրիմներուն վրայ:

Յաջորդ օրը մասնակիցները այցելեցին Ազգային ժողով, ուր հանդիպում ունեցած ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանի հետ, որ ներկայացուց խմբակցութեան գործունէութիւնն ու պատասխանեց մասնակիցներուն հարցումներուն, որոնք յատկապէս կը վերաբերէին Հայաստանէն արտագաղթին, երկրին մէջ առկայ ընկերային-տնտեսական հարցերուն եւ այլն:

Այս ծիրին մէջ նաեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի Երիտասարդական խորհրդարանի անդամներուն հետ` իբրեւ քննարկումի նիւթ ունենալով Հայաստան-սփիւռք երիտասարդական կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները:

Համահայկական խորհրդաժողովին ընթացքին ներկայացուեցան միութիւններու միամեայ գործունէութեան զեկուցումները, անդրադարձ կատարուեցաւ արձանագրուած ձեռքբերումներուն եւ բացթողումներուն, քննարկուեցան ՀՅԴ Երիտասարդականին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները: ՀՅԴ Երիտասարդականի հայեցակարգի եւ քառամեայ ռազմավարական նպատակներուն հիման վրայ մշակուեցաւ գործունէութեան ծրագիր` ելակէտ ունենալով քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման ու երկրի հզօրացման նպաստող աշխատանքները:

Նշենք, որ ՀՅԴ Երիտասարդականը ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդական կազմակերպութիւնն է, որ կը գործէ Հայաստանի եւ 17 այլ  երկիրներու մէջ, ինչպէս` Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Արժանթինի, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Ռուսիոյ, Կիպրոսի եւ այլ երկիրներու մէջ:

ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու համահայկական կամ շրջանային բնոյթի աշխատանքները կը համակարգուին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին միջոցով, որ 2001-էն ի վեր հաստատուած է Երեւանի մէջ: ՀՅԴ Երիտասարդականը ունի աւելի քան 10 հազար անդամ:

Նախորդը

«Շրջանին Մէջ Զերօ Խնդիրներ Ունենալու Թուրքիոյ Քաղաքականութիւնը Դրսեւորուած Է Զերօ Յարաբերութիւններով» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

ՀՅԴ Առաջին Նախընտրական Հանրահաւաքը` 10 Ապրիլ Ին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.