Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը սերտեն զէնքերը վար դրած արցախցիներուն ներում շնորհելու կարելիութիւնը: Այս մասին «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ: Անոր համաձայն, Ազրպէյճան Ղարաբաղէն հեռանալ պիտի արտօնէ զինեալ կազմաւորումներու այն անդամներուն, որոնք վար կը դնեն զէնքը:
«Այս երաշխիքները մենք կու տանք բարձրագոյն մակարդակով: Մենք պաշտօնապէս նախագահի մակարդակով կ՛երաշխաւորենք Ղարաբաղի հայերու անվտանգութիւնն ու իրաւունքները Ազրպէյճանի Սահմանադրութեան տակ: Ասիկա կը նշանակէ, որ մենք անոնց հետ պիտի վերաբերինք այնպէս, ինչպէս մեր քաղաքացիներուն: Նախկին զինուորականներու համար ալ կը սերտենք համաներման կարելիութիւնը, որովհետեւ զինադադարի եւ զինուորական միջամտութեան հետեւանքով մենք համաձայնած ենք, որ զէնքերը վար դնողները ազատ պիտի արձակուին»:
Բայց եւ այնպէս, ըստ Ալիեւի օգնականին, Ղարաբաղի հայութեան վերահամարկման հոլովոյթին մէջ կրնան բարդութիւններ ըլլալ: «Այս պահուս մենք կը տեսնենք, որ կան որոշ առանձին խումբեր եւ սպաներ, որոնք հրապարակաւ կը յայտարարեն, թէ պիտի չընդունին մեր պայմանները եւ պիտի շարունակեն դիմադրել: Մենք նաեւ կը տեսնենք, որ որոշ խումբեր դէպի անտառներ կ՛երթան: Սակայն մենք չենք կարծեր, որ ասիկա մեծագոյն խնդիրն է կամ խնդիր է անվտանգութեան համար», նշած է Հաճիեւ:


