Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել Արցախի վերջին զարգացումներուն վերաբերող իր յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ Արցախէն բնակչութեան բռնի տեղահանութիւնը` ռազմական կամ այլ միջոցներով, պիտի արժանանայ Եւրոպական Միութեան խիստ արձագանգին, եւ որ միութիւնը պատրաստ է դիմելու համապատասխան գործողութիւններու` իրավիճակի հետագայ վատթարացման պարագային: «Եւրոպական Միութիւնը կը դատապարտէ Ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան դէմ եւ ափսոսանք կը յայտնէ այս կացութեան սրման պատճառով արձանագրուած զոհերուն եւ մարդկային կորուստներուն համար», կը նշուի Պորելի յայտարարութեան մէջ` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը ի գիտութիւն կ՛ընդունի զինադադարի պայմանաւորուածութեան յայտարարութիւնը` ակնկալելով ռազմական գործողութիւններու անյապաղ ու ամբողջական դադրեցում եւ զինադադարի պահպանում:
«Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին` անյապաղ եւ անարգել մարդասիրական մուտք արտօնելու կարիքաւոր բնակչութեան, նաեւ` Լաչինի միջանցքի ամբողջական վերաբացման միջոցով` Արդարադատութեան միջազգային դատարանի փետրուար եւ յուլիս 2023-ի որոշումներուն համաձայն: Մարդասիրական դերակատարները պէտք է կարենան ազատօրէն գործել: Եւրոպական Միութիւնը եւ անոր անդամ պետութիւնները պատրաստ են հրատապ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու: Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Պաքուին եւ Ղարաբաղի հայերուն` անյապաղ ներգրաւուելու համապարփակ եւ թափանցիկ երկխօսութեան մէջ», կ՛ըսէ Պորել:
Ան շեշտեց, որ Ազրպէյճան պատասխանատուութիւն կը կրէ երաշխաւորելու Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքները եւ ապահովութիւնը` առանց վախցնելու, ահաբեկելու եւ խտրականութեան, իրենց տուներուն մէջ ապրելու իրաւունքը յարգելով:
Պորել յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը վերահաստատէ նաեւ իր աջակցութիւնը` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան` կոչ ուղղելով Ազրպէյճանին` վերահաստատելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու իր յանձնառութիւնը: Միութիւնը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ` վերսկսելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն բոլոր անորոշ հարցերուն շուրջ` խաղաղութեան համաձայնագիրի մը կնքման համար:


