Պայերն Միւնիխի նախկին գլխաւոր մարզիչ Ժուլիան Նակելսման պիտի գլխաւորէ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը, այս մասին յայտնեց գերմանական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ 36 տարեկան մասնագէտին հետ, մինչեւ «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտականը, որ տեղի պիտի ունենայ Գերմանիոյ մէջ:
Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, Նակելսմանի տարեկան աշխատավարձը պիտի ըլլայ 400 հազար եւրօ:
Նակելսման Պայերնի մարզիչը եղած է յունիս 2021-էն մարտ 2023, ինչպէս նաեւ եղած է գերմանական Հոֆընհայմի եւ Լայփցիկի մարզիչ:
Եթէ ան մարզիչ նշանակուի, այսպիսով պիտի յաջորդէ Հանս-Տիեթըր Ֆլիքի, որ նախորդ շաբաթավերջին կորսնցուց իր պաշտօնը` Գերմանիոյ արձանագրած ոչ համոզիչ արդիւնքներուն պատճառով պաշտօնանկ ըլլալով: