Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ կազմակերպութիւնը կատարեց թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ի քառորդ աւարտականի մրցումներու զոյգերուն վիճակաձգութիւնը:
Զոյգերը կազմուեցան հետեւեալ ձեւով. Քանատա-Ֆինլանտա, Չեխիա-Աւստրալիա, Իտալիա-Նետերլանտներ եւ Սերպիա-Անգլիա:
Գործող ախոյեանն է Քանատա, որ անցեալ տարի աւարտականին յաղթած էր Աւստրալիոյ: