Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Արձագանգներ

September 21, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մաքրոն. «Յարձակումը Պէտք Է
Անյապաղ Դադրեցուի»

«Խստիւ կը դատապարտենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ ուժի կիրարկումը», այս մասին «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ գրած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն:

«Յարձակումը պէտք է անյապաղ դադրեցուի, եւ վերսկսին քննարկումները բնակիչներու իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան շուրջ: Ես սերտ կապի մէջ եմ վարչապետ Փաշինեանի հետ», գրած է Մաքրոն:

Իրան Արցախը Կը Նկատէ Ազրպէյճանի Մաս,
Նոյն Ատեն Կոչ Կ՛ուղղէ` Շրջանի
Խնդիրները Երկխօսութեան Ճամբով Լուծելու

Թեհրան Լեռնային Ղարաբաղը կը նկատէ Ազրպէյճանի մաս, նոյն ատեն կոչ կ՛ուղղէ` շրջանի խնդիրները լուծելու երկխօսութեան միջոցով, յայտարարած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը Ղարաբաղը կը նկատէ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան մաս եւ կը կարծէ, որ խնդիրները, ներառեալ անոր բնակիչներու իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան ապահովումը, պէտք է լուծուին երկխօսութեան միջոցով», կը նշուի Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան թելեկրամեան ալիքին վրայ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դարձեալ առաջարկած է «3+3» ձեւաչափով հանդիպում կատարել` ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման համար:

Գերմանիոյ Վարչապետը ՄԱԿ–ի Ընդհանուր
Ժողովի Ամպիոնէն Կոչ Կ՛ուղղէ` Դադրեցնելու
Արցախի Մէջ Զինուորական Գործողութիւնները

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն կոչ ուղղած է դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւնները:

«Իմ միտքերս Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հետ են: Մինչ մենք կը խօսինք, վերսկսած պայքարը, որ կը տանի դէպի փակուղի, պէտք է աւարտի», ըսած է Շոլց:

Ճափոն Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Անյապաղ Դադրեցնելու
Արցախի Մէջ Զինուորական Գործողութիւնները

Ճափոն Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւնները, իսկ տագնապի բոլոր կողմերուն` երկխօսութեան դիմելու:

«Ճափոնը լրջօրէն մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան ներկայ սրումով եւ վճռականօրէն կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ դադրեցնելու յարձակումն ու Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւնները», կը նշուի Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Թոքիոն հակամարտող բոլոր կողմերուն կոչ ուղղած է երկխօսութեան դիմելու` կացութիւնը խաղաղ ճամբով կարգաւորելու համար:

Քանատան Կոչ Կ՛ուղղէ` Անյապաղ Դադրեցնելու
Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինուորական Գործողութիւնները

Քանատան կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանէն կը պահանջէ վերաբանալ դէպի շրջան մարդասիրական միջանցքը:

«Քանատան կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւնները», այս մասին նշած է Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի 19 սեպտեմբերին հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Բացի ատկէ, Օթաուան «Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` զերծ մնալու որեւէ գործողութենէ, որ սպառնալիք է Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան ու բարեկեցութեան», եւ «բարի կամք դրսեւորելու` վերականգնելու մարդասիրական հասանելիութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ սննդամթերքի, դեղորայքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու առաքման համար»:

Ժոլի կ՛ընդգծէ, որ Քանատան կողմնակից է տագնապը բանակցութիւններու միջոցով լուծելուն:

Ֆրանչիսկոս Պապը Կոչ Կ՛ուղղէ` Դադրեցնելու
Ղարաբաղի Մէջ Ընթացող Պատերազմը

Ֆրանչիսկոս պապը կոչ կ՛ուղղէ` դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընթացող զինուորական գործողութիւնները:

«Ես անգամ մը եւս ներգրաւուած բոլոր կողմերուն եւ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղեմ` վար դնելու զէնքերը եւ ջանք չխնայելու խաղաղ լուծման հասնելու համար»` «Ռոյթըրզ»-ի համաձայն, յայտարարած է պապը երէկ Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած հաւատացեալներու ամէն շաբաթեայ ընդունելութեան ընթացքին:

 

Նախորդը

Իրանի Եւ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրողջ Կացութիւնը

Յաջորդը

Մոսկուա. «Լեռնային Ղարաբաղի Կարգաւորման Ճակատագիրին Վրայ Արմատապէս Ազդեց Երեւանի Կողմէ 2022-ին Եւ 2023-ին Եւրոպական Միութեան Վեհաժողովներուն Մէջ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի Տարածքին Մաս Ճանչնալը»

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.