Իրանի պաշտպանութեան նախարար Մոհամետ Ռեզա Աշթիանին թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք Արմենիան»:
Աշթանիի կարծիքով` «3+3» հարթակը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներու խաղաղ լուծման:
Ան շեշտած է, որ Իրանի համար կարմիր գիծ է շրջանի երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ միջազգային սահմաններու պաշտպանութիւնը:
Աշթիանին եւ Շոյկուն անընդունելի նկատած են նաեւ արտաշրջանային ուժերու Հարաւային Կովկասի մէջ ներկայութիւնը: