Ազրպէյճանը իր տէ ժիւրէ տարածքին մէջ զինուորական գործողութիւններ կը կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուստի Հայաստանի մեղադրանքները, թէ ռուս խաղաղապահները չեն կատարած իրենց պարտաւորութիւնները, անհիմն են: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Մենք չենք ընդունիր մեր հասցէին նման նախատինքները, յատկապէս Ղարաբաղի` Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու հայկական կողմի պաշտօնական որոշումէն ետք: Տէ ժիւրէ, այժմ խօսքը Ազրպէյճանի Հանրապետութեան իր տարածքին մէջ գործողութիւններու մասին է», ըսած է Փեսքով:
Ան աւելցուցած է, որ Մոսկուան կապ կը պահէ տագնապի բոլոր կողմերուն հետ` Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ղարաբաղի հայերուն հետ` ընդգծելով, թէ Հայաստանը կը մնայ Ռուսիոյ դաշնակիցը: