Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն խօսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ` Ազրպէյճանին կոչ ուղղելով անյապաղ դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւնները եւ մագլցումին վերջ տալու: Այս մասին հաղորդեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Պլինքըն ընդգծած է, որ զինուորական լուծում գոյութիւն չունի, եւ կողմերը պէտք է վերսկսին երկխօսութեան` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Պաքուի եւ հայերու միջեւ շարունակուող տարակարծութիւնները կարգաւորելու համար:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նշած է Ալիեւի կողմէ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան միջեւ հանդիպում կատարելու պատրաստակամութիւնը եւ ընդգծած անյապաղ իրականացման անհրաժեշտութիւնը:
Ըստ Պաքուի հաղորդագրութեան, Ալիեւ Պլինքընի հետ զրոյցի ընթացքին զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու համար պայման դրած է, որ հայերը վար դնեն զէնքը եւ յանձնուին:
Քիմ-Պայրամով Հանդիպում
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականի պաշտօնակատար Եուրի Քիմ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումի ընթացքին վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու կոչը` դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւնները:
«Ուղիղ երկխօսութիւնը վէճերը լուծելու միակ ուղին է», «Էքս»-ի վրայ գրած է Քիմ:
Հանդիպումին մասին հաղորդած է նաեւ Պայրամով` միայն յայտնելով, որ հանդիպումին ընթացքին Քիմին տեղեկացուցած է «շրջանին մէջ վերջին իրադարձութիւններուն եւ ի պատասխան Ազրպէյճանի Ղարաբաղ շրջանին մէջ ապօրինաբար տեղակայուած հայկական զինեալ ուժերու սադրանքներուն Ազրպէյճանի ձեռնարկած քայլերուն մասին»:


