Թուրքիոյ Ռազմավարական հետազօտութիւններու միջազգային կեդրոնի քաղաքական մեկնաբան Կիւներ Էօզքան ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» լրատու գործակալութեան կը յայտնէ, որ Թուրքիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա կ՛ուզեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը կազմակերպել:
Ըստ անոր, ղարաբաղեան տագնապի արդարացի լուծման համար Թուրքիա կ՛ուզէ հանդիպումին Ազրպէյճանը բերել, իսկ Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան` հայկական կողմը:
Նախապէս այս հաւանական հանդիպումին մասին հաղորդած էր «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը` նշելով, որ հանդիպումին ընթացքին միջնորդի դեր պիտի կատարեն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու:


