Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, նախորդ շաբաթավերջին իրենց մրցումները կատարեցին գերծանր քաշային կարգի ներկայացուցիչները:
Մետալներու համար կը պայքարէին աշխարհի փոխախոյեան, Եւրոպայի կրկնակի փոխախոյեան Վարազդատ Լալայեան, Եւրոպայի ողիմպիականի կրկնակի փոխախոյեան, աշխարհի եւ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան` Սիմոն Մարտիրոսեան եւ Հայաստանի հաւաքականի կազմին հետ ողիմպիական փոխախոյեան, Պահրէյնը ներկայացնող` Գոռ Մինասեան:
Երկամարտի մրցումներուն, արձանագրելով 460 քկ արդիւնք մը (212+248), Վարազդատ Լալայեան երկրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ փոխախոյեանի կոչումին:
Սիմոն Մարտիրոսեան, երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 450 քկ (200+250) արդիւնք մը, հանդիսացաւ 5-րդ, մինչ Գոռ Մինասեան, որ արձանագրեց 459 քկ արդիւնք մը (213+246), տիրացաւ պրոնզ մետալին:
7-րդ անգամ ըլլալով աշխարհի ախոյեան հանդիսացաւ վրացի Լաշա Թալախածէ, որ երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 473 քկ արդիւնք մը:
Նշենք, որ մետալներու վերջնական դասաւորման մէջ, Հայաստանի տղոց հաւաքականը գրաւեց առաջին դիրքը` տիրանալով երկամարտի երկու ոսկի մետալի, արծաթ մետալի մը եւ պրոնզ մետալի մը: