Ասիոյ պասքեթպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ, Լիբանանի տղոց 16 տարեկանէն վար ազգային խումբը 99-45 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Սրի Լանքայի դէմ:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան, որ իր աւարտին կը հասնի 24 սեպտեմբերին, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 16 խումբեր:
Լիբանանի մաս կազմած Ա. խմբակին մէջ են նաեւ Աւստրալիա եւ Հնդկաստան: